Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ բանբեր Մեթիւ Միլըր «Ռատար Արմենիա»ին հարցումին պատասխանելով՝ ըսաւ, որ իր երկիրը կը շարունակէ խորապէս անհանգստացած մնալ, որ Ատրպէյճան շարունակ փակ կը պահէ Լաչինի միջանցքը առեւտրական, մարդասիրական եւ անձնական ինքնաշարժներու համար` շեշտելով, որ այս ինքնաշարժներուն տեղաշարժը պէտք է անյապաղ վերականգնի:
Միլր շեշտեց, որ մարդասիրական նպատակներով տեղաշարժի դադրեցումը կ՛ահագնացնէ մարդասիրական իրավիճակը եւ կը վտանգէ վստահութեան ձեւաւորման ջանքերը խաղաղութեան գործընթացին մէջ:
«Մենք հետեւողականօրէն կը պաշտպանենք այն տեսակէտը, որ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը պէտք է ներառէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան իրաւունքներու եւ ապահովութեան երաշխաւորումը: Մենք կ՛ողջունենք այն երկխօսութիւնը, որ յառաջ կը մղէ այս նպատակը», ըսաւ Միլըր։