

Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը խոր վիշտով կը գուժէ Թորգոմ Փոսթաճեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 21 Յուլիս 2023ին:
Փոսթաճեան երկար տարիներ ծառայած է հայ վարժարաններու ուսումնական եւ կրթական երթին: Եղած է առաջին տնօրէնը Մեսրոպեան Ազգային վարժարանին, անոր հիմնադրութեան տարիէն՝ 1965էն, մինչեւ 1974: Իր պաշտօնավարութիւնը աւարտելէ ետք, ան միշտ մնացած է Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի կողքին: Ան հաստատած է «Թ. Փոսթաճեան կրթանպաստ»ի ֆոնտը Մեսրոպեան վարժարանէն շրջանաւարտ աշակերտներուն համար:
Փոսթաճեան խոր հաւատացողն էր հայ մատղաշ սերունդներու հայեցի դաստիարակութիւն ջամբելու կարեւորութեան՝ յատկապէս Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան այս ծիրին եւ Լոս Անճելըսի հայ վարժարաններու կազմաւորման մէջ ունեցած է մեծ վաստակ եւ դաստիարակած է սերունդներ, իր գործը եւ անվերապահ նուիրումը կտակելով իր շունչով կերտուած բոլոր սերունդներուն:
Խնամակալ մարմինը իր խոր ցաւակցութիւնը կը յայտնէ հանգուցեալի ընտանեկան պարագաներուն եւ Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի մեծ ընտանիքին: