

Հայ Աւետարանական Քոլեճի 100ամեակի Լոս Անճըլըսի Կազմակերպիչ յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ հովանաւորութեամբ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան, 29 Սեպտեմբերէն 1 Հոկտեմբեր 2023, Լոս Անճելըսի մէջ պիտի նշուի Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլեճի (ՀԱՔ) 100ամեակը:
ՀԱՔը համասփիւռքեան նշանակութիւն ունեցող դպրոց մըն է՝ իբրեւ յետեղեռնեան Հայկական Սփիւռքի առաջին երկրորդական վարժարանը՝ հիմնուած 1923ին:
Անոր աշխարհասփիւռ շրջանաւարտները, մասնաւորաբար Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու տարածքին, գործուն մասնակցութիւն կը բերեն գաղութային, քաղաքական, կրթական, գիտական, հոգեւոր, մշակութային եւ այլ կառոյցներու մէջ, անկախ իրենց մասնագիտական ասպարէզներուն մէջ իրենց արձանագրած յաջողութիւններէն:
Այս առթիւ, Լոս Անճելըս ապրող խումբ մը շրջանաւարտներ կազմած են յանձնախումբ մը եւ Sheraton Universal, Studio City պանդոկին մէջ ծրագրած են հետեւեալ ձեռնարկները.
Ա. Ուրբաթ, 29 Սեպտեմբեր՝ շրջանաւարտներու եւ հիւրերու հաւաք։
Բ. Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր՝ Կլոր Սեղան «Հայ դպրոցը 10 տարի ետք» եւ «Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու դպրոցներու համագործակցութեան հեռանկարներ»
Գ. Շաբաթ, 30 Սեպտեմբեր՝ կալա ճաշկերոյթ, նախագահութեամբ ՀԱՔի նախկին աշակերտ դոկտ. Նուպար Աֆէեանի:
Դ. Կիրակի, 1 Հոկտեմբեր՝ պաշտամունք Լոս Անճելըսի Հայ Միացեալ ժողովական եկեղեցւոյ մէջ:

Նշենք, թէ սոյն ձեռնարկներուն ներկայ պիտի ըլլան եւ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Պէյրութէն ՀԱՔի տնօրէն դոկտ. Արմէն Իւրնէշլեան, Հայ աւետարանական Ա. եկեղեցւոյ հովիւ վեր. Ժիրայր Ղազարեան եւ դպրոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Ներսէս Պաղտոյան:
Արձանագրուելու եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կրնաք այցելել www.aec100.net կայքը: