Ֆրանսա կոչ ուղղեց Ատրպէյճանին՝ կատարելու իր միջազգային պարտաւորութիւնները, մասնաւորապէս՝ գործադրելու Արդարադատութեան միջազգային դատարանի 22 Փետրուարի որոշումը եւ ապահովելու Լաչինի միջանցքով ազատ տեղաշարժը:
Այս մասին կը նշուի Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարարութեան` Լաչինի միջանցքի արգելափակման վերաբերող յայտարարութեան մէջ։
«Ֆրանսա իր ափսոսանքը կը յայտնէ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի յամառ արգելափակման առիթով, որ կը հակասէ զինադադարի համաձայնութեամբ ստանձնած պարտաւորութիւններուն եւ կը վնասէ բանակցային գործընթացը», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Ֆրանսա իր ամբողջական աջակցութիւնը կը յայտնէ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր ներկայացուցիչին 26 Յուլիսին յայտարարութեան՝ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան վրայ ազդող մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ:
Ֆրանսա կոչ ուղղեց նաեւ՝ վերականգնելու բեռներու, մարդոց եւ ապրանքներու ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքի երկու ուղղութիւններով եւ բնակչութիւնը կազով եւ ելեկտրականութեամբ մատակարարելու։
Ասոր զուգահեռ, Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի դեսպանը յայտարարեց, որ «Պաքուի պարտականութիւնն է՝ երաշխաւորել ազատ տեղաշարժը Լաչինի միջանցքով` թոյլ չտալու ճգնաժամի հետագայ սրացումը»: