ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ

Նոր բնակարան մեր տեղաշարժէն ետք, գրադարանս կարգի դրած միջոցիս յանկարծ ուշադրութիւնս գրաւեց տարիներ առաջ, իննսուանականներուն, Լիբանան այցելութեանս նուիրուած ու «Ողջոյն Յաւերժական Լիբանան» վերատառութեամբ լոյս տեսած հատորս (որուն վերջին օրինակն ալ անհետացած էր կը կարծէի): Եւ իբրեւ հետեւանք այնտեղ շօշափուած հարցերուն, յանկարծ սկսաւ զիս խոցել ու տանջել անցեալի յիշատակներս…
Ինչո՛ւ այնքան պիտի տանջուէի անցեալին գրուած մէկ հատորիս պարունակութիւնը ընթերցելով: Ի՛նչ եղաւ «Միջին Արեւելքի Փարիզ»ը համարուած այդ փոքր ու չքնաղ երկրին: Ի՛նչ բանը մղեց, ի՛նչ բանը ստիպեց, որ կրօնական ու ցեղային տարբեր պատկանելիութեան տէր հրաշալի այս հաւաքականութիւնը, թշնամանար իրարու հետ, չհանդուրժէր իրարու գոյութիւնը, 1975-1990 քանիցս կրկնուող քաղաքացիական արիւնոտ, չըսելու համար անիմաստ պատերազմներով գալու հասնելու իր իսկ ձեռքերով կերտած դժոխքի դարպասը:
Եւ այնպէս կոչուած «հարեւան ու բարեկամ» տէրութիւններու կրօնական ու քաղաքական իրարամերժ ուղղութիւնն ու մրցակցակցութիւնը, ինչպէս նաեւ անոնց տիրելատենչական նկրտումները, իբրեւ թէ Լիբանանի տարբեր համայնքներուն նեցուկ կանգնելու անոնց մակերեսային միտումը, տասնամեակներու ընթացքին, բարգաւաճ, չքնաղ այս երկիրը հասցուցին անդունդին եզրը, չըսելու համար դժոխքին կեդրոնը եւ ատոր մէջ իր զազրելի դերը ունեցաւ երկրին «արխայիք» ղեկավարութիւնը, որ տասնամեակներէ ի վեր իր թաթին մէջ ու ճիրաններուն առանցքը կը պահէ խեղճ ժողովուրդը եւ ի բացառութեամբ իրաւ հայրենասէր նախագահ Աունէն, իր նեխած իշխանութիւնը կը փոխանցէ սերունդէ սերունդ, կարծես երկինքէն նշանակուած ընտրեալներ ըլլային անոնք:
Բայց ասոր հետ մէկտեղ, եւ վերջին հաշուով, յանցաւորը մենք ենք, մեղաւորը ժողովուրդն է իր կղերով, քաղաքական ղեկավարութեամբ ու կառոյցներով: Արդարեւ, անոնք ոտքի ելլելով, երկիրը տասնամեակներով իր նեխած, բացարձակ իշխանութեան տակ պահող, վերէն վար եւ ամբողջ էութեամբ ժանգոտած ղեկավարութիւնը մէկ կողմ շպրտելու տեղ, լեզուն կուլ տուած ու տզրուկի հոգեբանութեամբ ծունկի եկած են զինք կեղեքող ու իր հայրենիքը հիմէն քանդող ճիւաղներուն առջեւ, եւ ի զուր միամտօրէն, դեռ անոնցմէ սպասելով իր փրկութիւնը:
Վերէն այս ողբերգութեան ականատես եղող բարին Աստուած ալ կարծես շուարած է ի տես շարունակուող խայտառակութեան ու լարախաղացութեան…
– Ախ ստրկամիտ, չըսելու համար միամիտ լիբանանցիներ,- պիտի կոչէր Ան վրդոված,- ձեզի դրախտանման երկիր մը տուած եմ եւ անոր հետ մէկտեղ՝ խելք եւ իմաստութիւն, միթէ իմ յանցանքս է եթէ մէկ տարուան ընթացքին, տասներկու անգամ խորհրդարանի նիստ գումարելէ ետքն ալ ներկայ ղեկավարութեան շիլ հաշիւներու հետեւանքով, դուք ձեզի նախագահ մը չկրցաք ընտրել, ըսէ՝ք միթէ ըստ ձեզի պարոնայք, Արարիչն է յանցաւորը: Այս ի՛նչ խայտառակութիւն է, տասնամեակներէ ի վեր նոյն գերդաստաններու պոչին փակեր էք ու աջ ու ահեակ կը քաշկռտուիք, անդին՝ ահագին զարգացած, խելքը գլուխը նոր սերունդ մը ունիք լիբանանեան քաղաքական դաշտը, որ կարող է իր պաշտելի երկիրը փրկել չքաւորութենէն ու տիրող տնտեսական տագնապէն:
Եւ ամենակալ Տէրը շարունակեց իր ընդվզումը․
– Տարիներ առաջ, 3․50 լիբանանեանը մէկ տոլար էր, իսկ ներկայիս 92,000՝ մէկ տոլարի հասցուց ձեր անխիղճ ղեկավարութիւնն ու «Պանք տը Լիպան»ի եսասէր, անբարոյ տնօրէնութիւնը: Ո՜վ Լիբանանի անխիղճ ղեկավարութիւն, տակաւին ինչպէ՜ս խեղճ ժողովուրդին աչքերուն պիտի նայիք… միթէ ամօթի զգացում չունիք՜։ Այո ըսէ՝ք, ինչպէս օր մը հոգի պիտի տաք… Ո~վ տառապեալ ժողովուրդ, քու հայրենիքդ հարուածող ահաւոր աղէտներու առաջքը առնելու համար, մէկ մարդու նման ոտքի կանգնի՛ր ու պայքարի փողը հնչեցուր: Այո ոտքի կանգնի՝ր ու փրկութիւնդ ուրիշ տեղէ մի՛ սպասեր, ասիկա երկնային իմ խորհուրդս է քեզի: Կը կրկնեմ, մէկուն հոգը պիտի չըլլայ, եթէ վերջ տալով քու կրաւորական կեցուածքիդ, քու գոյութենէդ դուրս չշպրտես անոնք, որոնք քանդեցին հայրենիքդ ու քեզ հասցուցին չքաւորութեան գիրկը:
Բայց ափսոս, հակառակ ներկայիս տիրող աղէտալի իրականութեան, լիբանանցին՝ իր խոշոր մեծամասնութեամբ, ոչխարի անջիղ հօտի կամակատարութեամբ, հլու հնազանդ կը հետեւի տասնամեակներով զինք կեղեքող, եսամոլ ղեկավարութեան քմահաճ կամքին, կեցուածք մը որ զինք կը տանի ստոյգ կործանում:
Ըսէք խնդրեմ, ո՛վ պիտի վերջ դնէ տիրող անտառային օրէնքին կամ ալ անօրինականութեան: «Ճէհէննէ՛մ», յարմար մէկը ընտրեցէ՛ք թող վերջանայ… Կարծես Հռոմի պապին գահն է թափուր մնացածը …
Իսկ գալով ի սփիւռս աշխարհի սփռուած միլիոնաւոր սրտցաւ լիբանանցիներու ողբ ու կոծին, անոնք իրենց պարտադրուած պանդուխտի տհաճ կեանքը արհամարհելով ու մոռացութեան տալով, օրն ի բուն կ`ողբան Լիբանանի անյոյս վիճակը… Անոնք օրն ի բուն կ`ողբան նաեւ իրենց ճակտի քրտինքով վաստկած գումարները ափով իրենց ծննդավայրը ներդնելուն ու այսօր ցամաք հացին կարօտ դառնալուն իրականութիւնը: Տէր ամենակա՜լ, ի՛նչ ընենք լանք թէ ողբանք մեր ապուշութեան վրայ…
Ռիչմոնտ, Վըրճինիա