Արցախի դախատազութիւնը հաղորդագրութիւն մը տարածելով՝ հաստատեց, որ Արցախի Ասկերանի շրջանի բնակիչ Ռաշիդ Բեգլարեան բռնութեամբ գաղտնօրէն առեւանգուած է ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ՝ Հայաստան երթալու ճամբուն վրայ։
«2023 թուականի Օգոստոսի 1ին, ժամը 17ի սահմաններում, ԱՀ Ասկերանի շրջանի Խնձրիստան գիւղի բնակիչ Ռաշիդ Արամայիսի Բեգլարեանը Շուշիի շրջանի Հին Շէն գիւղից ոտքով, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան միջեւ կապն ապահովող Լաչինի միջանցքի Հակարիի կամրջին Ադրբեջանի Հանրապետութեան կողմից 2020թ. Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան 6րդ կէտի պահանջների խախտմամբ տեղադրուած հսկիչ- անձնագրային կէտը շրջանցելով` ՀՀ գնալու ճանապարհին, Ադրբեջանի Հանրապետութեան անյայտ զինծառայողների կողմից ըստ ազգային պատկանելութեան, Ռ. Բեգլարեանի կամքին հակառակ, բռնութեան գործադրմամբ գաղտնի առեւանգուել է, ինչին հետեւել է վերջինիս անհետանալը», կ՛ըսուի հաղորդագրութեան մէջ:
Դէպքին առթիւ յարուցուեցաւ քրէական գործ մը՝ մարդկութեան ապահովութեան դէմ ուղղուած յանցագործութեան յատկանիշներով:
Գործի մինչդատական քրէական վարոյթի օրինականութեան նկատմամբ հսկողութիւնը եւ դատավարական ղեկավարումը կը կատարէ Շուշիի եւ Քաշաթաղի շրջաններու դատախազութիւնը:
Հայաստանի կառավարութիւնը արդէն դիմում ներկայացուցած է Մարդու իրաւունքներու Եւրոպական դատարանին, որ վերջինս Ատրպէյճանէն տուեալներ պահանջէ Ռաշիդ Բեգլարեանի կեցութեան պայմաններուն եւ առողջական վիճակին մասին:
Պաքու այս մասին ցարդ միայն յայտարարեց, որ «քաղաքացին խախտած է Ատրպէյճան-Հայաստան սահմանը եւ ձերբակալուած է»: