Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժը Արաբական ծոցին մէջ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու հետ վէճի նիւթ եղող Ապու Մուսա, Մեծ Թոնպ եւ Փոքր Թոմպ կղզիները պաշտպանելու կարողութեան բարձրացման համար, ռազմափորձերու ձեռնարկած է, կը հաղորդէ իրանեան «Ֆարս» լրատու գործակալութիւնը:
Ռազմափորձերը ընթացք առած են Յեղափոխական պահակագունդի ընդհանուր հրամանատար հազարապետ Հիւսէյն Սալամէի, պահակագունդի ծովուժի հրամանատար ծովակալ Ալի Ռիտա Թանքսիրիի եւ Իրանի զինեալ ուժերու շարք մը հրամանատարներու եւ պաշտօնատարներու, ինչպէս նաեւ տեղական պաշտօնատարներու ներկայութեամբ:
«Ֆարս»ը կը հաղորդէ, որ ռազմափորձը կոչուած է «նահատակ գնդապետ-զօրավար Իսհաք Տարա»ի անունով, եւ անոր նպատակը «Ծոցի ապահովութիւնը եւ իրանեան կղզիները, յատկապէս Ապու Մուսա կղզին պաշտպանելու» Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի ծովուժի մարտունակութիւնը եւ պաշտպանական կարողութիւնը ցոյց տալ է:
Յիշեցնենք, որ Ծոցի համագործակցութեան խորհուրդի նախարարական խորհուրդը վերջերս մերժած էր «Իրանի կողմէ երեք կղզիներու բռնագրաւման շարունակութիւնը» եւ «իր կղզիներուն եւ ջուրերուն վրայ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու գերիշխանութեան աջակցութիւն» յայտնած էր:
Խորհուրդը Իրանին կոչ ուղղած էր՝ ընդառաջելու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու` հարցը ուղղակի բանակցութիւններու կամ Իրաւարարութեան միջազգային դատարանին դիմելով լուծելու ջանքերուն:
Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած էր` ընդգծելով Ծոցի շրջանի երեք կղզիներուն վրայ Իրանի գերիշխանութիւնը:
Միւս կողմէ, Իրանի նախագահ Էպրահիմ Ռայիսի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետը պաշտօնապէս հրաւիրեց Թեհրան:
Էմիրաթական լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պետական նախարար Խալիֆա Շահին Մըր նախագահ Ռայիսիին կողմէ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Նահիանին Իրան այցելելու հրաւիրագիրը ստացած է:
Հրաւիրագիրը էմիրաթական կողմին փոխանցուած է Մըրի` Ապու Տապիի մէջ արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանին մէջ Իրանի դեսպան Ռիտա Ամրին ընդունելուն ընթացքին: