Ռուս խաղաղապահները մերժեցին դէպի Հակարիի կամուրջ խումբ մը արցախցիներուն կազմակերպելիք ինքնաշարժներու երթին ընկերակցելու դիմումը: Խաղաղապահ զօրակազմի հրամանատարի տեղակալ Սազոնով 8 Օգոստոսին, Լաչինի միջանցքի ապաշրջափակման նպատակ հետապնդող քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամներուն գրաւոր պատասխանեց, որ 9 Նոյեմբերի յայտարարութիւնը չի նախատեսեր ինքնաշարժներու երթին ընկերակցիլ, ինչպէս նաեւ տարբեր ցոյցերու եւ հանրահաւաքներու ապահովութիւնը երաշխաւորել:
«Հաղորդակցութեան անցակէտերով երթեւեկի ատեն խաղաղապահ զօրակազմը կը ստուգէ արգելուած իրերու, մասնաւորապէս, հրաձգային զէնքի եւ պայթուցիկ նիւթերու առկայութիւնը», կ՛ըսուի պատասխանին մէջ:
Արձագանգելով ատրպէյճանական «Թելեկրամ»ի ալիքներուն մէջ տարածուող տեղեկատուութեան, թէ՝ ինքնաշարժներու երթի պատրուակով, ռուսական զօրակազմը խաղաղ երթին ընթացքին, Հակարիի կամուրջի անցակէտին մօտ կրնայ ուժ կիրարկել ատրպէյճանական ուժերուն նկատմամբ, խաղաղապահ զօրակազմը հերքեց՝ ընդգծելով, որ բողոքի խաղաղ ցոյցերը խաղաղապահ զօրակազմին համար հիմք չեն որեւէ ռազմական գործողութեան իրականացման:
Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի այս պատասխանէն ետք «Ազատութեան» հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին, նախաձեռնող խումբի անդամ Արթուր Օսպինեան յայտնեց, թէ իրենց յառաջիկայ քայլը տակաւին չեն ճշդած:
«Ազատութիւն»ը դիտել կու տայ, որ Հակարիի կամուրջ հասնելէ առաջ, երթին մասնակցողները պէտք է նախ անցնին Շուշիի հատուածին մէջ տեղակայուած ատրպէյճանական ոստիկանական անցակէտը: «Ճիշդն ասած մենք պատրաստ ենք, խօսքը կազմակերպիչների մասին է, նաեւ առանց ռուսների, բայց պատրաստ կը լինի արդեօք հասարակութիւնը, սա մենք պէտք է մի հատ մոնիտորինգ (քննենք) անենք, հասկանանք: Իսկ ռուսների հետ մենք մեր քայլերը պէտք է մշակենք՝ ոնց ենք անում, որ ռուսներին հանենք ջրի երես: Փաստօրէն, իրենք հրաժարւում են իրենց պարտականութիւնները կատարել, եւ այստեղ միջազգային խաղաղապահների ներգրաւելն աւելի ապահով է դառնում: Սա էլ է մեր ուղղութիւններից մէկը, որ փոխարինենք ռուս խաղաղապահներին միջազգայինով, քանի որ իրանք, փաստօրէն, միասին են դառնում թշնամու հետ մէկտեղ մեզ բլոկադայի (շրջափակման) ենթարկած», նշեց Օսիպեան: