Ուաշինկթըն պիտի շարունակէ աշխատիլ Երեւանի ու Պաքուի հետ՝ խաղաղութեան համաձայնագիրին հասնելու համար։ Լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին այս մասին յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլըր՝ անդրադառնալով Մոսկուայէն հնչող այն տեսակէտին, թէ «հապճեպ» պատրաստուած, «հում» խաղաղ պայմանագիրը տարածաշրջանին յարատեւ խաղաղութիւն չի պարգեւեր։
Միլըր դարձեալ յայտարարեց, որ Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը հասանելի է՝ «հակառակ այս հարցին մէջ կողմ չհանդիսացող որեւէ այլ երկրի մեկնաբանութիւններուն»։
«Ես չեմ ուզեր խօսիլ Ռուսիոյ մասին, երբ խօսքը կը վերաբերի Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին: Ես կ՛ուզեմ խօսիլ այն երկու երկիրներուն մասին, որոնք անմիջականօրէն կապ ունին այս քննարկման, անմիջական կողմեր են։ Մենք այդ երկիրներուն հետ անմիջականօրէն կապ ունինք։ Յատուկ բանագնաց Պոնա նախորդ շաբաթ այցելեց տարածաշրջանը եւ ուղղակի կապի մէջ մտաւ անոնց հետ։ Մենք կը հաւատանք, որ համաձայնութիւնը կը մնայ հասանելի, հակառակ այս հարցին մէջ կողմ չհանդիսացող այլ երկիրներու որեւէ մեկնաբանութեան։ Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ կողմերուն հետ՝ անոր հասնելու համար», յայտարարեց Միլըր։