Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Այխան Հաճիզատէ դիմեց Լիթուանիոյ արտաքին գործոց նախարար Կապրիէլիուս Լանտսպըրկիսին` առաջարկելով անոր «Հայաստանը յորդորել աւելի կառուցողական մօտեցում ցուցաբերել խաղաղ բանակցութիւններուն մէջ»:
Ան կոչ ուղղեց նախարարին՝ «չենթարկուելու հայկական քարոզչութեան»՝ պնդելով, որ «Լաչինի ճանապարհը Հայաստանի կողմէ չարաշահուած է վերջին երեք տարիներուն»:
«ժբախտաբար, այդ ընթացքին Լիթուանիա լռած է», յայտարարեց Հաճիզատէ՝ աւելցնելով, թէ «Հայաստանի չարամիտ գործողութիւնները կասեցնելու համար, Ատրպէյճան Լաչինի ճամբուն վրայ սահմանային անցակէտ տեղադրած է եւ առաջարկած օգտագործել Աղդամ-Խանքենտի (Ստեփանակերտ – Խմբ.) ճամբան` Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանը ապրանքներ մատակարարելու համար: Ատրպէյճան կը դիւրացնէ մարդոց տեղաշարժը Լաչինով՝ երկու ուղղութիւններով», պնդեց ան։
Լանտսպըրկիս աւելի կանուխ «Թուիթըր»ի վրայ գրած էր, որ ինք հարցը քննարկեց հայաստանցի պաշտօնակից Արարատ Միրզոյեանի հետ եւ Պաքուին յորդորեց «ապահովել անարգել երթեւեկը Լաչինի ճանապարհով»: