Հայաստան եւ Իրան 10 Օգոստոսին ստորագրեցին համաձայնագիր մը՝ «Կազ՝ ելեկտրականութեան դիմաց» ծրագիրի ժամկէտը երկարաձգելու, Իրանէն ներածուող կազի եւ անոր դիմաց Հայաստանէն Իրան արտածուող ելեկտրականութեան ծաւալները աւելցնելու վերաբերող:
2009էն սկսեալ, Հայաստան կազ կը ստանայ Իրանէն եւ ջերմակայանին մէջ զայն վերածելով ելեկտրականութեան՝ ետ կը մատակարարէ Իրանին: Մէկ խորանարդ մեթր բնական կազէն ստացուած ելեկտրականութեան աւելցուքը կը մնայ Հայաստանին:
Այդ դրութեան վերաբերող համաձայնագիրին ժամկէտը կ՛աւարտի 2026ին:
10 Օգոստոսին ստրորագրուած համաձայնագիրով ժամկէտը կ՛երկարաձգուի մինչեւ 2030:
Նշենք, որ մատակարարումներու ծաւալներու յստակ թիւերը չեն հրապարակուած: