Կառավարութեան նիստին ընթացքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան արձանագրեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական ճգնաժամը կը շարունակէ խորանալ եւ ծաւալիլ:
Ան յիշեցուց, որ Դեկտեմբեր 2022ին, Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը եւ անոր յաջորդած զարգացումները, արգելքները, որոնց պատճառով Արցախ այսօր դէմ յանդիման կը գտնուի այս վիճակին։
Փաշինեան նաեւ նշեց, որ Հայաստան մարդասիրական օժանդակութիւն ուղարկեց Արցախ, սակայն կարելիութիւն չտրուեցաւ զայն տեղ հասցնելու, թէեւ բեռի պարունակութիւնը ստուգուեցաւ եւ հաստատուեցաւ Հայաստանի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագէտներուն կողմէ։
Փաշինեան դիտել տուաւ, որ Լեռնային Ղարաբաղ մարդասիրական բեռներու մուտքի արգելքը առաւել հաւաստի կը դարձնեն Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ցեղասպանութեան ենթարկելու Ատրպէյճանի քաղաքականութեան մասին յայտարարութիւնները:
«Եւ, իսկապէս, միջազգային փորձագիտական շրջանակներից հնչում են աւելի ու աւելի բարձր կարծիքնէր, որ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղում հումանիտար (մարդասիրական) ճգնաժամ յարուցելու Ադրբեջանի քաղաքականութիւնը կարող է դիտարկուել ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխելու եւ դրա համար պատժի մասին ՄԱԿի 1948 թուականի Դեկտեմբերի 9ի կոնվենցիայի (պայմանագիրի) դիտանկիւնից:
«Կարծում եմ, որ Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման հետեւանքով Լեռնային Ղարաբաղում առաջացած հումանիտար ճգնաժամը ծաւալուել է այն աստիճանի, որ պէտք է աւելի մեծ ջանքեր գործադրել ստեղծուած իրավիճակին միջազգային իրաւական գնահատական տալու ուղղութեամբ, մանաւանդ, որ Ադրբեջանը շարունակում է չկատարել Արդարադատութեան միջազգային դատարանի սոյն թուականի Փետրուարի 22ի եւ Յուլիսի 6ի պարտադիր իրաւական ուժ ունեցող որոշումները Լաչինի միջանցքով մարդկանց, բեռների եւ տրանսպորտային (փոխադրութեան) միջոցների անարգել տեղաշարժը ապահովելու մասին», ընդգծեց Փաշինեան՝ նշելով, որ նոյնիսկ բարձրագոյն ատեանները վերջերս իրենց յայտարարութիւններով ամրագրեցին, որ Ատրպէյճան պարտաւոր է ապահովել Լաչինի միջանցքի անխափան աշխատանքը:
«Այս պայմաններում պէտք է արձանագրեմ, որ ստեղծուած իրավիճակի լաւագոյն լուծումը Ադրբեջանի կողմից Լաչինի միջանցքի ապօրինի արգելափակման վերացումն է, Ստեփանակերտ-Բաքու երկխօսութեան մեկնարկը` միջազգային մեխանիզմի (գործիքակազմի) շրջանակներում:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր հերթին շարունակում է վերահաստատել իր հաւատարմութիւնը խաղաղութեան օրակարգին եւ պաշտօնական Բաքուին կոչ է անում ձեռնպահ մնալ խաղաղութիւն հաստատելու պատմական հնարաւորութիւնը զրոյացնելուն ուղղուած քայլերից», եզրափակեց Փաշինեան: