Քոնկրեսի Հայկական համախմբումի համանախագահ Էտըմ Շիֆ իր «Էքս»ի վրայ գրած է, որ Արցախի մէջ ճգնաժամը կը պահանջէ Միացեալ Նահանգներու անյապաղ գործողութիւնը:
«Այսօր ես յորդորեցի Միացեալ Նահանգներու նախագահը՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի հրատապ նիստի հրաւիրել` վերջ տալու Ատրպէյճանի շրջափակման», յայտնեց Շիֆ՝ շեշտելով, որ պէտք է օգտագործել բոլոր հասանելի գործիքները` սատարելու Արցախի ժողովուրդին եւ կասեցնելու ցեղասպանութեան գործադրութիւնը։
Ան կըներկայացնէ քանի մը առաջարկներ, որոնց մէջ յատկապէս կը շեշտուի կարեւորութիւնը յանձնարարելու ՄԱԿի մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան` գլխաւորելո ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւ մը, որ կոչ պիտի ուղղէ Ատրպէյճանին՝ անյապաղ կատարելու Միջազգային դատարանի վճիռները, որմով կը նախատեսուի Արցախ ուղարկել ՄԱԿի փորձագէտներու խումբ մ` մարդու իրաւունքներու եւ մարդասիրական իրավիճակին վերաբերեալ տեղեկատուութիւն հաւաքելու եւ անկախ զեկոյց պատրաստելու նպատակով, ինչպէս նաեւ պատժամիջոցներ կիրարկելու Ատրպէյճանի նկատմամբ` միջազգային իրաւունքի եւ մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի կոպիտ խախտումներուն համար:
Շիֆ կը յորդորէ յանձնարարել USAID-ին եւ պաշտպանութեան նախարարութեան՝ գնահատել Միացեալ Նահանգներու կողմէ ցամաքային կամ օդային փոխադրամիջոցներով Արցախ օգնութիւն հասցնելու հարցին աջակցութեան տրամադրման տարբերակները` կանխելու սովի իրական վտանգը եւ խուսափելու անմեղ քաղաքացիներրու մահը: