Ատրպէյճանցի զինուորներ հայ պահեստազօրային մը ձերբակալեցին։ Պաքու պնդեց, որ 16 Օգոստոսի կէսօրին, Քարվաճառի ուղղութեամբ հետախուզական ներթափանցման փորձ կատարուած է, իսկ իրենք հրազէն կիրարկելով կրցած են կասեցնել զայն, եւ վիրաւորուած զինուորը ձերբակալուած է: Ատրպէյճանական աղբիւրները զինուորին առողջական վիճակին մասին մանրամասնութիւններ չյայտնեցին:
Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերքեց մեղադրանքը` զայն բացարձակ սուտ համարելով, նոյն ժամանակ տեղեկացնելով, որ իրենք կը քննեն հայ պահեստազօրայինի` ատրպէյճանական կողմը յայտնուելու հնարաւոր վարկածը եւ բոլոր հանգամանքները:
Ռազմական գերատեսչութիւնը Պաքուի յայտարարութեան կեղծ ըլլալը ցոյց տալու համար հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս քանի մը զինուորականներ ատրպէյճանական կողմէ յայտնուած պահեստազօրայինին հետ կը զրուցեն, ապա զայն ինքնաշարժը կը նստեցնեն ու կը հեռանան անյայտ ուղղութեամբ։
«Սոյն տեսանիւթը հերքում է Ադրբեջանի ՊՆ տարածած կեղծիքը, ըստ որի սահմանագօտու արեւելեան ուղղութեամբ ՀՀ ԶՈՒ դիւերսիոն (ներթափանցող) խումբ է փորձել ներթափանցել, եւ որի «գործողութիւնները յաջողուել է կասեցնել կրակային աջակցմամբ», կը նշուի հայկական կողմի հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստանցի պահեստազօրայինը ձերբակալուեցաւ ատրպէյճանցի զինուորներու կողմէ եւ տեղափոխուեցաւ անյայտ ուղղութեամբ, կը պնդէ Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը:
Աւելի ուշ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաստատեց, որ ձերբակալած է հայ զինուոր մը՝ զայն անուանելով «ներթափանցող»: Ըստ Պաքուի` ան Գագիկ Ոսկանեանն է:
Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը քրէական գործ յարուցեց հայ զինուորին դէմ՝ պետական սահմանի խախտման յօդուածով: Այս մասին կը յայտնեն ատրպէյճանական աղբիւրները` վկայակոչելով իրաւապահներու պաշտօնական հաղորդագրութիւնը:
Ձերբակալութենէն քանի մը ժամ ետք, Ատրպէյճանի դատախազութիւնը պնդեց, որ «իրենց հետաքննութեան իբրեւ արդիւնք բացայայտուած է խումբ մը անձերու, որոնց կարգին Հայաստանի զինուած ուժերու անդամներուն կողմէ դիտաւորեալ գործողութիւններու համակարգում»:
Նշեալ «խումբին» ատրպէյճանցի իրաւապահները կը վերագրեն «հրազէնի օգտագործումով սպառնալիքներ» հնչեցնել, «ահաբեկչական դաւադրութիւն մշակել` նպատակ ունենալով ազդել Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան վերաբերեալ որոշումներու վրայ` ազգային ատելութիւն սերմանելու եւ վնաս պատճառելու, նոյնիսկ մահ պատճառելու նպատակով»:
Ատրպէյճանական կողմը պնդեց նաեւ, որ «թափանցող խումբին դէմ», որուն անդամ կը ներկայացուի ձերբակալուած հայ պահեստազօրայինը, քրէական գործ յարուցուած է շարք մը ծանր յօդուածներով` ներառեալ ահաբեկչութեան: