
ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 29 Յուլիս 1944ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ եղբօր եւ հարազատին՝ Մուշեղ Յովակիմեանի մահը, որ պատահեցաւ Չորեքշաբթի, 16 Օգոստոս 2023ին։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 9 Սեպտեմբեր 2023ին, առաւօտեան ժամը 9ին, Hollywood Hills Forest Lawn գերեզմանատան Old North Church մատրան մէջ, ապա թաղումը՝ նոյն գերեզմանատան մէջ։
Սգակիրներ՝
Եղբայրը՝ Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեան
Հարազատները՝ տէր եւ տիկ. Ժան Պէզճեան (Ֆրանսա)
Սիրարփի Վարդանեան (Լիբանան)
Հապիպ եւ Սեդա Ռահմէ եւ զաւակները (Լիբանան)
Ռուբէն եւ Թալին Կիպինեան եւ զաւակները (Լիբանան)
Ալէն եւ Իրմա Պալեան եւ զաւակները (Գանատա)
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ (Holy Martyrs Armenian Apostolic church, 5300 White Oak Ave., Encino, CA 91316):
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց Թեմի առաջնորդ՝ Թորգոմ Ս. եպս. Տօնոյեան, Հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովն ու Ազգային վարչութիւնը խոր ցաւակցութիւն կը յայտնեն Ազգային վարչութեան վաստակաշատ ատենապետ, Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ երեսփոխան Վահէ Յովակիմեանի եւ կնոջ՝ Յասմիկին, իրենց եղբօր՝ ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով:
Մուշեղ Յովակիմեան երկար տարիներու վաստակ ունի իբրեւ հանրային գործիչ. ան ծառայած է ազգին ու եկեղեցւոյ՝ վարելով զանազան պաշտօններ: Մինչեւ իր մահը, ան անդամ էր Ս. Նահատակաց եկեղեցւոյ Հոգաբարձութեան:
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, Ազգային վարժարաններու Խնամակալ մարմինը եւ Ազգային վարժարանները ցաւակցութիւն կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Յարգելի պրն. Յովակիմեան, խորապէս կը ցաւինք ձեր մեծ կորուստին համար եւ մխիթարութիւն կը մաղթենք ձեզի՝ այս դժուար օրերը շրջանցելու:
ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼ ՄԱՐՄԻՆ
ՄՈՒՇԵՂ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆի՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հոգաբարձուին մահուան տխուր առիթով, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ հովիւը, հոգաբարձութիւնը, երեսփոխանական կազմը, դպրաց դասը, կիրակնօրեայ դպրոցի ուսուցչական կազմն ու ծնողա-օժանդակ մարմինը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնը կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ Վահէ եւ Յասմիկ Յովակիմեաններուն, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն:
ՄՈԻՇԵՂ ՅՈՎԱԿԻՄԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՅԴ «Ռոստոմ» կոմիտէն եւ կոմիտէութեան ընկեր-ընկերուհիները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ Վահէ Յովակիմեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: