
2023 տարին կը զուգադիպի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջանին մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 55ամեակին, որ արժանավայել կերպով պիտի նշուի 17 Սեպտեմբեր 2023ին, Հոլիվուտի «Տաղլեան» մշակութային համալիրին մէջ: Տօնախմբութիւնը պիտի կատարուի կալա-ճաշկերոյթով, որ պիտի հանդիսանայ հիմնաքարը՝ լոսանճելըսահայութեան մշակութային կեանքին մէջ Համազգայինի Շրջանային վարչութեան սեփական կեդրոնը ունենալու այնքան փայփայուած մեծ երազին:
Այս նպատակին համար, Համազգայինի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը արդէն իսկ կեանքի կոչած է յոբելենական յանձնախումբ մը, որ ժամանակէ մը ի վեր լծուած է կալա-ճաշկերոյթի կազմակերպական աշխատանքներուն եւ կը ծրագրէ պարտն ու պատշաճը՝ յանուն մշակութային այս միութեան եւ անոր հաւատաւոր անդամներու տասնամեակներու ճիգի պանծացման: Համազգայինի 55ամեակը յուշող բացիկները հրապարակի վրայ են, իսկ սեղաններու հովանաւորներու անուանացանկը անընդհատ կ՛աճի, շնորհիւ մշակութանուէր անհատներու լիաբուռն նուիրատուութիւններուն:
Կարեւորութեամբ նշենք, որ 55ամեակին առիթով ստացուած բոլոր գումարները պիտի յատկացուին Համազգայինի Մշակութային կեդրոնի ֆոնտին: Կեդրոն ունենալը՝ յաջորդական Շրջանային վարչութիւններու կողմէ եւ յատկապէս ներկայիս անյետաձգելիօրէն դարձած է մեր գործունէութեան հիմնական բաժինը եւ ամէնօրեայ տագնապը եւ մարտահրաւէրը:
Համազգայինին տո՛ւն պէտք է այսօր, մեզ եւ մեր մշակոյթը ապրեցնո՛ղ տուն, շրջանի մշակութասէր հայ երիտասարդը իր գիրկը կանչող տուն, որուն երդիքին տակ պիտի հունաւորուին մեր աշխատանքները, պիտի համախմբուին մեր երիտասարդները եւ պիտի գործեն մեր արուեստի դպրոցները եւ մշակոյթի դասարանները:
Առ այս, կոչ կ՛ուղղենք, որ համազգայնական սերունդներու մեծ երազին իրականացման դուք եւս ձեր լուման բերէք՝ զօրակցելով Արեւմտեան շրջանի Համազգայինի Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան, որ 55 տարիներէ ի վեր հաւատքով կը գոյատեւէ եւ հայկական մշակոյթ կը ջամբէ ու կը տարածէ այս օտար ափերուն վրայ:
Եկէ՛ք, ապագայի վառ յոյսերով տոգորուն՝ միասնաբար ընթանանք յառա՛ջ:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՎԱՍՏԱԿԱՇԱՏ ՀԱՄԱԶԳԱՅՆԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 17 Յուլիս 2023ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ հանդիպում մը վաստակաւոր համազգայնական փոքրաթիւ ընկերներու հետ, ջերմ մթնոլորտի մը մէջ, յիշատակներ վերապրելու եւ վաստակաւոր ընկերներու միութենական կենսափորձը եւ համառօտ վկայութիւնները իբրեւ արխիւ ամբարելու միտումով: Այս հանդիպումները նաեւ պիտի շարունակուին յառաջիկային, զանազան խումբերու հետ:
Հանդիպման ընթացքին, բարի գալուստի խօսք արտասանեց Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեան՝ մանրամասնելով 55ամեակի տօնախմբութեան համար ցարդ տարուած նախապատրաստական աշխատանքները եւ բարձր գնահատեց ներկաներու բազմամեայ վաստակը ի նպաստ Համազգայինի:
Համազգայնական ընկերները հաճելին ու օգտաշատը միախառնած՝ ջերմ մթնոլորտի մէջ իրենց սրտի խօսքը փոխանցեցին, միութեան մաղթելով անխափան երթ դէպի նոր եւ աւելի բեղուն ամեակներ:
Մենք յաւերժ ենք մեր մշակոյթով:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ՍԱՅԱԹ ՆՈՎԱ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԲԱՑԱՌԻԿ ՀԱՄԵՐԳԸ

Համավարկի հարկադրանքով երկու տարուան դադարէ ետք, Համազգայինի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութեամբ, «Սայաթ Նովա» երգչախմբային միաւորը 30 Ապրիլ 2023ին հանդէս եկաւ Էսդրատային ճազ համերգով, որ տեղի ունեցաւ Glendale Performing Arts Center-ին մէջ, առաւել քան 1400 հանդիսատեսներու ներկայութեան: Երգչախումբի այս համերգը ձօնուած էր Լոս Անճելըսի մէջ Համազգայինի հիմնադրութեան 55ամեակին եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան հիմնադրութեան 95ամեակին:
Նոր ոճով ներկայացուած այս համերգը կը վայելէր Միքայէլ Աւետիսեանի խմբավարութիւնը: Հանրածանօթ արուեստագէտին առաջնորդութեամբ եւ մասնագիտական մշակումով՝ երգչախումբը հանդէս եկաւ հայկական էսդրատային երգերու քառաձայն դաշնաւորումով, ճազային ճոխ մթնոլորտ մը ստեղծելով իր շուրջ: Իրաւամբ՝ հրաշալի կատարում հայ դասական եւ ժողովրդային երգերու, որ նոր շունչ եւ ոգեւորութիւն հաղորդեց ներկաներուն, այլեւ հանդիսատեսները ամբողջութեամբ կլանեց եւ միաձուլեց երգչախումբի եւ նուագախումբի իւրաքանչիւր հնչիւնին հետ:
Երգչախումբը կը վայելէ նաեւ տաղանդաշատ Գայանէ Պաղտասարեանի խմբավարութիւնը, որ իր յարատեւ հոգատարութեամբ կը ներգրաւէ եւ կը խանդավառէ երգչախումբի բոլոր անդամները: Համերգի հանդիսավարութիւնը վստահուած էր տաղանդաւոր ասմունքող Նունէ Աւետիսեանին, որ իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ կարեւոր ճշմարտութեան մը՝ նշելով, որ «երբ զէնքն ու թնդանօթները լռեն, մշակոյթը կը դառնայ պայքարի միջոց»:
Յատուկ շնորհակալութիւն համերգի գլխաւոր հովանաւոր Յարութիւն Այվազեանին եւ բոլոր նուիրատուներուն ու հովանաւորներուն, որոնց հաւաքական ներդրումով համերգը պսակուեցաւ յաջողութեամբ եւ կերտեց փայլուն էջ մը Արեւմտեան շրջանի Համազգայինի պատմութեան մէջ: Բիւ՜ր երախտիք երգչախումբին իւրաքանչիւր անդամին:
Հայ երգի մեծանուն վարպետ Կոմիտասը հաստատած է հետեւեալը. «Ժողովուրդը երգով կը կապուի իր արմատներուն հետ, իր ոգիին հետ, իր պատմութեան հետ»։ Հայ երգով դարեր շարունակ վառ պահուած է մեր ժողովուրդի ազգային ոգին, իսկ Համազգայինը՝ արդար հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ այն կազմակերպութիւնն է, որ այս օտար ափերուն, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ, միշտ թիկունք կանգնած է ու կը կանգնի հայ արուեստի նուիրեալներուն՝ երգող թէ խմբավար, գրող թէ դերասան, նկարիչ թէ պարող, հոգեկան սնունդ մատակարարելով չափահասին եւ մատղաշ սերունդին:
Ներկայիս արդէն իսկ ընթացք առած յառաջիկայ տարուան համերգային նոր ծրագիրի մը մշակումը եւ այդ գծով վարժողական փորձերը արդէն սկսած են: Փորձերը տեղի կ՛ունենան Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ (211 E. Chestnut Street, Glendale CA) ամէն Չորեքշաբթի, երեկոյեան ժամը 7էն սկսեալ: Երգչախումբին անդամագրուիլ եւ փորձերուն մասնակցիլ փափաքողները կրնան դիմել միաւորի վարչութեան՝ հեռաձայնելով (818) 822-5313 թիւին, ապա սկսիլ երգչախմբային վարժութիւններուն:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ԳԱԳԻԿ ԳԻՆՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ



Համազգայինի Շրջանային վարչութեան նախաձեռնութեամբ, Երկուշաբթի, 3 Ապրիլ 2023ի երեկոյեան, Կլենտէյլի Երիտասարդական կեդրոնին մէջ, մտերմիկ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ ազգագրական պարերու մասնագէտ, «Կարին» ժողովրդական երգի եւ պարի անսամպլի հիմնադիր, հասարակական գործիչ եւ Արցախի պատերազմին մասնկցած եւ Կաքաւագիր պարերու գրառման համակարգի հեղինակ Գագիկ Գինոսեանի հետ:
Գինոսեան Արեւելեան շրջանի Համազգայինին հրաւէրով, Պոսթըն եւ Նիւ Եորք այցելելէ ետք, հիւրաբար եւ կարճ կեցութեամբ կը գտնուէր Լոս Անճելըս:
Օգտուելով արուեստագէտի ժամանակամիջոցին ընձեռած յարմարութիւններէն՝ Շրջանային վարչութիւնս հրաւիրեց իր միաւորներու եւ մասնաճիւղերու վարչական կազմերը ու մշակութասէրներ Գինոսեանի հետ մտերմիկ հանդիպման մը, որ սկիզբ առաւ Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Քնար Գորթոշեանի բացման խօսքով. ան ներկայացուց բազմատաղանդ արուեստագէտին գործունէութիւնը՝ անդրադառնալով անոր բերած կարեւոր նպաստին հայ մշակոյթի անդաստանին մէջ:
Երեկոյթը ընթացաւ մտերմիկ հարցազրոյցի մը ճամբով, զոր վարեց Վիլմա Գույումճեան. հայ ժողովրդական պարարուեստին հետ առնչութիւն ունեցող հարցումներուն ընդմէջէն, հարցազրոյցը լոյսի բերաւ հայրենասէր եւ ստեղծագործ արուեստի դեսպան Գինոսեանը, որ պաստառին վրայ ցուցադրեց պարային իւրայատուկ ոտքի քայլերը, միաժամանակ բացատրութիւններ տալով անոնց չափերուն մասին: Ներկաները, ջերմ մթնոլորտէն քաջալերուած՝ ոչ միայն մէջ ընդ մէջ մասնակցեցան հարցազրոյցին, այլեւ մէկ մարդու նման շուրջ պար բռնեցին սրահին մէջ:
Օրուան անակնկալն էր նաեւ հայրենիքէն ժամանած տուտուկահար Նորայր Գարտաշեանի ներկայութիւնը, որ բեմ բարձրացաւ տուտուկի (ծիրանափող) եւ զանազան տեսակի իր նուագարաններով եւ անոնց մասին կարճ բացատրութիւններէ ետք, ինք եւս ներկայացուց հայ երգանիէն ընտրանի մը, զոր ներկաները հիացմունքով ըմբոշխնեցին:
Աւարտին, ներկաները հիւրասիրուեցան եւ առիթ ունեցան երկար զրուցելու հայրենի երկու արուեստագէտներուն հետ եւ բացառիկ տպաւորութիւններով մեկնեցան սրահէն:
ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԱՐՑԱԽԻ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿԻ ՏՆՕՐԷՆ, ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒՀԻ ՀԵՐՄԻՆԷ ԱՒԱԳԵԱՆԻ ՀԵՏ

Երկուշաբթի, 26 Յունիս 2023ին, Շրջանային վարչութիւնը հաճոյքը ունեցաւ հիւրընկալելու լրագրող, մտաւորական, գիրքերու հեղինակ եւ Արցախի համալսարանի դասախօս Հերմինէ Աւագեանը, որ հիւրաբար Լոս Անճելըս կը գտնուէր Buy Armenia գործարքի տնօրէնութեան հրաւէրով:
Մտերմիկ հանդիպման ներկայ գտնուեցան մասնաճիւղերու եւ միաւորներու ներկայացուցիչներ, որոնք անյագ կարօտով եկած էին լսելու Համազգայինի Արցախի գրասենեակի տնօրէնուհին: Համազգայինի Շրջանային վարչութիւնը, իր մասնաճիւղերուն եւ միաւորներուն համագործակցութեամբ՝ մնայուն կերպով կը համագործակցի Արցախի գրասենեակին հետ, յատկապէս 44օրեայ պատերազմէն ետք, գլխաւոր նպատակ ունենալով օժանդակել իրենց հայրենի բնավայրէն տեղահան եղած արցախցի ընտանիքներու զաւակներուն:
Հերմինէ Աւագեան շատ տպաւորիչ կերպով ներկայացուց Արցախ աշխարհին մէջ գոյութենական պայքար մղող մեր հայրենակիցներուն դիմագրաւած բազմածալք դժուարութիւնները, թշնամիին բազմատեսակ սպառնալիքները, արցախցիի անկոտրում կամքը՝ յաղթահարելու բոլոր թումբերը, յանուն նորափթիթ պատանիներու եւ աւելի փոքրերու առողջ դաստիարակութեան, անոնց մէջ սերմանելով արիութեան ոգի եւ լաւատեսութիւն ներշնչելով դէպի պայծառ ապագայ:
Հերմինէն իր հետ բերած էր իր հեղինակած վերջին գիրքէն՝ «Վազում Եմ, Սպասիր…» օրինակներ, որոնք տեղւոյն վրայ սպառեցան Աւագեանի կողմէ մակագրուելէ ետք: Եղան սրտաբուխ նուիրատուութիւններ, որոնց հասոյթը ամբողջութեամբ յատկացուեցաւ շուտով հրատարկելի՝ Արցախին նուիրուած պատկերագիրքի մը ծախսերուն: Պատկերագիրքին մէջ համապարփակ կերպով կը ներկայացուին Արցախ աշխարհի բնապատկերները եւ յատկապէս մշակութային կոթողներն ու եկեղեցիները, որոնց մեծամասնութիւնը աւերումի ենթարկուած էին թշնամիին կողմէ:
Ծաւալեցաւ ընկերական մտերմիկ զրոյց մը, հարցում-պատասխան, որ արցախանուէր ջերմ զգացումներով համակեց բոլոր ներկաները. Աւագեան գոհունակութիւն եւ երախտագիտութիւն յայտնեց Լոս Անճելըսի Համազգայինի ընտանիքին ցուցաբերած ջերմ հիւրընկալութեան համար: