Սպիտակ տան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի բանբեր Ճան Քըրպի լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սպիտակ տունը կը շարունակէ իր ջանքերը՝ օգնելու Ատրպէյճանին եւ Հայաստանին հասնելու խաղաղութեան՝ դիւանագիտական ուղիով:
«Մենք որոշ աստիճանի վրայ կը պահպանենք երկխօսութիւն եւ դիւանագիտութիւն տարբեր մակարդակներով՝ Ազգային ապահովութեան խորհուրդէն մինչեւ արտաքին գործոց նախարարութիւն: Նկատի ունիմ, որ մենք կանոնաւոր կերպով կ՛աշխատինք՝ հասնելու համար լաւագոյն արդիւնքին դիւանագիտական միջոցով», յայտնեց Քըրպի՝ պատասխանելով «Թուրան» գործակալութեան հարցումին:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Ուաշինկթըն խորը մտահոգութեամբ կը հետեւի Լաչինի միջանցքի հարցին: «Մենք կ՛ուզենք, որ այդ միջանցքը դարձեալ բացուի. Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղենք՝ շուտափոյթ վերականգնելու այդ միջանցքով ազատ տարանցումը առեւտրական, մարդասիրական եւ մասնաւոր փոխադրամիջոցներու համար», շեշտեց ան: