ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ

«Գիքոր»ը, «Քաջ Նազար»ը, «Սասունցի Դաւիթ»ը, Թմբկաբերդի Առումը», «Մի Կաթիլ Մեղր»ը եւ նմանօրինակ բազմաթիւ պատմուածքներ եւ հէքիաթներ եղած են հայկական դպրոց յաճախող աշակերտներուն ոչ միայն ընթերցանութեան կամ արտասանութեան նիւթ, այլեւ անոնց մանկական եւ երեխայական երեւակայութեան մէջ օրինակելի հերոսներու աղբիւր։
Հայաստանի Լոռի նահանգի հեռաւոր Դսեղ գիւղին մէջ ծնած (1869) Յովհաննէս Թումանեան, արեւելահայ գրականութեան ամբողջական ներկայացուցիչն է։ Նախնական կրթութիւնը Դսեղի եւ Ստեփանաւանի մէջ ստանալէ ետք, տեղափոխուած է Թիֆլիսի Ներսիսեան վարժարան, որ չէ աւարտած։ Աշխատակցած է Թիֆլիս հրատարակուող բազմաթիւ թերթերու՝ «Մուրճ», «Աղբիւր», «Հասկեր» եւայլն։ 1899ին կը հիմնէ գրական «Վերնատուն» խմբակը, որուն անդամներն էին ինք, Դերենիկ Դեմիրճեան, Աւետիք Իսահակեան, Լեւոն Շանթ, Ղազարոս Աղայեան, Նիկոլ Աղբալեան եւ ուրիշներ։ Այս խմբակը գործած է մինչեւ 1908։
Թումանեանի գրական ստեղծագործութիւնը չափազանց հարուստ է։ Ան մշակած է գրեթէ բոլոր սեռերը՝ պատմուածք, բանաստեղծութիւն, հէքիաթ։ Հայ գրականութեան մէջ հաւանաբար միակն է, որ մանկական հարուստ գրական ժառանգութիւն ձգած է։ Անոր մանկական գրականութեան բազմաթիւ ստեղծագործութիւններ վերածուած են շարժանկարներու (cartoons) («Սուտլիկ Որսկանը», «Շունն ու Կատուն», «Մի Կաթիլ Մեղր», «Կիկոս»ը եւայլն), իսկ պատմուածքներէն շատ շատերը՝ ֆիլմերու («Գիքոր»ը, «Տէրն ու Ծառան» եւայլն)։ Անոր ստեղծագործութիւններէն «Անուշ»ն ու «Ալմաստ»ը կը զարդարեն հայկական օփերայի ցանկը։
1912-1921ին, Թումանեան կ՛ընտրուի նորաստեղծ Հայ գրողներու կովկասեան ընկերութեան նախագահ, իսկ 1918ին՝ Հայոց հայրենակցական միութիւնների միութեան (ՀՀՄՄ) նախագահ։ Համաշխարհային առաջին պատերազմի ընթացքին հայ ժողովուրդի կրած վնասները հաշուելու եւ Փարիզի հաշտութեան խորհրդաժողովին (1919-1920) ներկայացնելու նպատակով ՀՀՄՄը 1918ին կը ստեղծէ Քննիչ յանձնախումբ՝ Թումանեանի գլխաւորութեամբ։ Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք, նախագահած է Հայաստանի օգնութեան կոմիտէն (1921-1922) եւ այդ պաշտօնի բերումով 1921ի աշնան կը մեկնի Պոլիս հայ գաղթականներուն օգնութիւն հաւաքելու համար։ Քանի մը ամիս մնալով հոն՝ ան հիւանդացած կը վերադառնայ եւ կը մահանայ 1923ին, Մոսկուայի մէջ եւ աճիւնները կը տեղափոխուին Թիֆլիս եւ մինչեւ այսօր կը հանգչին Խոջեվանքի գերեզմանատանը։
Թումանեան իր հասարակական գործունէութեան հետեւանքով, հայ-թաթարական կռիւներու ժամանակ (1905-1906) երկու անգամ կը ձերբակալուի։ Մտերիմ ըլլալով Ղազարոս Աղայեանին, անոր ազդեցութեան տակ համակրած է հնչակեան կուսակցութեան, առանց անդամակցելու անոր։ 1916ին, Շիրվանզադէի հետ կը մեկնի ռազմաճակատ եւ կը հասնի մինչեւ Վան, օժանդակելու գաղթական ժողովուրդին եւ կազմակերպելու որբահաւաք։
Թումանեանի նամակները եւ մանաւանդ հրապարակագրական յօդուածները աւելի մեծ արժէք կը ներկայացնեն։ Այնտեղ ի յայտ կու գայ իսկական հայ մտաւորականը, որ կը տագնապի իր ժողովուրդի ցաւերով, յոռի երեւոյթները մը մատնանշէ, կը խարազանէ հաւաքական մեր ախտերը եւ նոր ուղիներ ցոյց կու տայ։ Այս իմաստով արեւելահայ գրողներու մէջ ան կ՛առանձնանայ իր ժողովուրդին էութիւնը ճանչցած ըլլալու հանգամանքով, բացայայտելով անոր դրական եւ ժխտական յատկանիշները։ Դեռ 1913ին իր գրած մէկ յօդուածին մէջ կը նախազգայ ցեղասպանութեան վտանգը՝ երբ կը գրէ. «Թուրքիան կը դիմի ամէնահրէշաւոր միջոցներին` վերջ դնելու հայ ժողովրդին իր հարցի հետ միասին»:
Բազմաթիւ դրուագներ կը պատմուին Թումանեանի կեանքին մասին, որոնք յաճախ կը շրջանառուին ընկերային ցանցերու վրայ, որոնք իրենց մէջ կը պարունակեն ուսանելի դասեր։ Իսկ ամէնէն նշանաւորը անոր ամենայն հայոց բանաստեղծի անուան հետ կապուած դրուագն է։
1917ին Էջմիածինի շրջափակը լեցուած էր գաղթականներով։ Թումանեան կը գտնուէր այնտեղ։ Օր մը կը սկսի անձրեւել եւ Թումանեան զանոնք կը լեցնէ նոր կառուցուող վեհարանը, որուն ի տես կաթողիկոսը կը զայրանայ եւ իր մօտ կը կանչէ Թումանեանը հրահանգելով անոր պարպել վեհարանը։ Թումանեան կը մերժէ կաթողիկոսին հրահանգը կատարել։ Կաթողիկոսը բարկացած կ՛ըսէ.
– Դուք խօսում էք Ամենայն Հայոց հայրապետի հետ:
Թումանեան կը պատասխանէ.
– Իսկ դուք խօսում էք ամենայն հայոց բանաստեղծի հետ:
Թումանեանի գրական վաստակը տպագրուած է ամբողջութեամբ։ Անոր գրականութեան հիմքը ժողովրդային բանահիւսութիւններն ու աւանդազրոյցներն են եւ այդ պատճառով սիրելի են մեր ժողովուրդի զաւակներուն համար։ Այնտեղ հայ մարդու հարազատ հոգեվիճակներն են, որ արտացոլում կը ստանան եւ հայելին կը հանդիսանան հայու, գիւղացիին եւ բանուորին ապրած պարզունակ, երբեմն միամիտ, յաճախ դժնդակ պայմաններուն։ Թումանեան այդ բոլորը կը ներկայացնէ երբեմն սրամտօրէն, երբեմն տխուր բայց միշտ համեստ ու մատչելի բառամթերքով։
Յովհաննէս Թումանեան ըստ արժանւոյն իր տեղը գտած է Հայաստանի ժողովուրդին սրտին մէջ։ Անոր արձանը կանգնած է Օփերայի Ազատութեան հրապարակին վրայ, իսկ Երեւանի ամէնէն բանուկ փողոցներէն մէկը անուանակոչուած է իր անունով։ Նոյն այդ փողոցին դիմաց կայ անոր տուն-թանգարանը։
Վերադառնալով Թումանեանի հրապարակագրութիւններուն, կը մէջբերենք հատուած մը, որ աւելի քան հարիւր տարի ետք ոչ միայն կը պահէ իր այժմէականութիւնը, այլեւ կը ստեղծէ այն տպաւորութիւնը թէ Թումանեան նոր գրած է նշեալ տողերը․
«Պարզ հասկանալ մեր երկիրը, մեր ժողովուրդը, մեր գրականութիւնը, մեր պատմութիւնը ու մեր պատմական յիշատակարանները։ Մինչեւ այժմ նրանք խօսել են մեր սրտի հետ, եւ մենք սիրել ենք զգացմունքով, անխտիր, յախուռն, առանց հասկանալու, թէ ինչ ենք սիրում եւ ինչու։ Այժմ գալիս է ժամանակը՝ նրանց էութեանը ներհմուտ լինելու, նրանց լեզուն ու միտքը հասկանալու…»։