Չորեքշաբթի օր, Մոսկուայէն դէպի Ս. Փեթերսպուրկ ուղղութեամբ թռիչքին ընթացքին, ճամբորդական փոքր օդանաւ մը ջախջախուեցաւ, որմէ ետք հաղորդուեցաւ, որ ճամբորդներուն շարքին կը գտնուէր նաեւ «Վակներ» վարձկան զինեալներու խմբաւորման ղեկավար Եւկենի Փրիկոժին: «Թասս» լրատու գործակալութիւնը տեղեկացուց, որ դէպքին պատճառով մահացած են օդանաւին մէջ գտնուող ճամբորդեները եւ անձնակազմի անդամները, որոնց ընդհանուր թիւը 10ն էր: Ցարդ չէ հաստատուած, թէ Փրիկոժին մահացած է։
Փրիկոժին մօտաւորապէս երկու ամիս առաջ Ռուսիոյ զինուորական հրամանատարութեան դէմ ըմբոստացած էր՝ իր վերահսկողութեան տակ գտնուող զինեալներուն հետ յառաջանալով մինչեւ Մոսկուայի մատոյցները: Սակայն, ան շրջադարձ կատարած էր Պելոռուսի նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքոյի միջնորդական ջանքերով, որմէ ետք հաղորդուած էր, թէ Վլատիմիր Փութին ներում շնորհած է անոր: Դէպքը հարցականներ ստեղծած էր զանազան առումներով, ներառեալ՝ Փութինի ղեկավարման կարողութիւններուն շուրջ:
«Վակներ»ի զինեալները Ուքրանիոյ դէմ պատերազմին ընթացքին երկար ատեն ազդու մասնակցութիւն ունեցած էին Ռուսիոյ բանակին կողքին:
Փրիկոժին վերջին անգամ այս շաբթուան սկիզբը ընկերային ցանցերու միջոցաւ տեղեկացուցած էր իր զինեալներու խումբին՝ Ափրիկէի մէջ գործունէութեան մը մասին:
Լրատուամիջոցները կը յիշեցնեն Փութինի հարցազրոյցներէն մէկուն ընթացքին օգտագործած բանաձեւումները, ըստ որոնց, դաւաճանութիւնը աններելի է իրեն համար: Այդ խօսքերը այնպէս մեկնաբանուած էին, թէ Փրիկոժին մահափորձի մը զոհ կրնայ երթալ: