24 Օգոստոսի կառավարութեան նիստին ընթցքին, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց, որ Երեւան Պաքուին փոխանցեց Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի հայկական նոր առաջարկներ՝ նշելով, որ ասիկա երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ փոխանակուող հաւանական համաձայնագիրի խմբագրումներուն արդէն հինգերորդ տարբերակն է: Սակայն ան չմանրամասնեց, թէ անոնք ի՛նչ շեշտադրումներ կը բովանդակեն:
Մինչ խաղաղութեան համաձայնագիրին շուրջ քննարկումները կը շարունակուին, Լաչինի միջանցքըփակ կը մնայ, բացառութիւնը կը վերաբերի միայն առողջական լուրջ հարցեր ունեցողներուն, որոնք Կարմիր Խաչի միջոցով կը տեղափոխուին Հայաստան, ընդ որում՝ խիստ սահմանափակ թիւով, իսկ հարիւրաւոր հիւանդներ տակաւին կը սպասեն իրենց կարգին:
Փաշինեան նաեւ յայտարարեց, որ հաւաստի տեղեկութիւններ ունին, թէ Պաքու կը ծրագրէ միջանցքը միակողմանի բանալ՝ թոյլ տալով ելք, բայց ոչ մուտք դէպի Լեռնային Ղարաբաղ:
«Ուզում եմ յիշեցնել, որ այս պահին էլ Հայաստանի Հանրապետութիւնում են գտնւում Լեռնային Ղարաբաղի բազմաթիւ բնակիչներ, որոնք չեն կարողանում վերադառնալ Լեռնային Ղարաբաղ: Նրանցից շուրջ հինգ հազարը նախորդ տարուայ Դեկտեմբերից ի վեր Լաչինի միջանցքի ապօրինի փակ լինելու հետեւանքով, եւս շուրջ 30 հազարը 2020 թուականի Նոյեմբերի 9ի եռակողմ յայտարարութեան 7րդ կէտի չկատարման հետեւանքով», ըսաւ ան:
9 Նոյեմբերի յայտարարութեան 7րդ կէտը կը նախատեսէ ներքին տեղահանուածներու վերադարձ Արցախ, որոնց կարգին՝ Լեռնային Ղարաբաղի յարակից շրջաններ, բան մը, որ տեղի չունեցաւ:
«Մեր ունեցած տեղեկութիւնները վկայում են, որ Բաքուն տարբեր միջոցներով շարունակաբար տորպեդահարում (կը թորփիլահարէ) է Ստեփանակերտի հետ երկխօսութիւնը՝ փորձելով դրա պատասխանատուութիւնը դնել Լեռնային Ղարաբաղի վրայ», շեշտեց Փաշինեան:
Արցախի պետական նախարարի խորհրդական Արտակ Բեգլարեան դիտել տուաւ, որ Փաշինեանի հնչեցուցած մտահոգութիւնները Արցախի մէջ ունին Դեկտեմբերէն, երբ սկսաւ շրջափակումը, որուն վերջնական նպատակը ինքնին Արցախի հայաթափումն է: Ան յիշեցուց Ալիեւի յունուարեան յայտարարութիւնը, երբ ան անկաշկանդ յայտարարեց, թէ ան որ չ՛ուզեր Ատրպէյճանի քաղաքացի դառնալ, Լաչինի ճամբան փակ չէ, բաց է:
«Եղել են նաեւ գործողութիւններ, երբ յաճախակի Կարմիր Խաչին կամ ռուս խաղաղապահներին արգելել են Հայաստանի Հանրապետութիւնից Արցախ տեղափոխութիւն իրականացնել արցախցիների, բայց հակառակը թոյլ տալով: Այս պահի դրութեամբ նոյն պրոցեսը (գործընթացը) որոշ չափով, կարելի է ասել, ընթանում է», յայտնեց ան:
Թէեւ վերջին օրերուն ռուս խաղաղապահներուն միջնորդութեամբ ուսանողները եւ ռուսական քաղաքացիութիւն ունեցող հայերը դուրս կու գան Արցախէն, սակայն նոյն միջանցքը փակ է հակառակ ուղղութեամբ, Արցախի այն բնակիչներուն համար, որոնք կ՛ուզեն տուն վերադառնալ: Այդպիսիք, ըստ Արտակ Բեգլարեանի, շատ են։ «Արդիւնքում ստացւում է, որ բաւականին մեծաքանակ մարդիկ դուրս են եկել այս Երկուշաբթի օրուանից ի վեր, հարիւրաւորն այս պահին անմիջապէս պատրաստ են գալ, հազարաւորները առաջիկայ օրերին պատրաստ են վերադառնալ Արցախ իրենց ընտանիքների մօտ, չեն կարողանում», ըսաւ Բեգլարեան: