Ֆրանսական «Փուէն» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն, խօսելով Արցախի գրեթէ ինն ամիս շարունակուող շրջափակման մասին՝ շեշտեց, որ դիւանագիտութեան ժամանակը անցած է, Ֆրանսա պէտք է շարունակէ ճնշումը՝ մարդասիրական տագնապը լուծելու նպատակով։
Մինչ այդ ֆրանսական «Ֆիկարօ» թերթը գրած էր, որ Ֆրանսա կը պատրաստուի բանաձեւ ներկայացնել ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդին (լուրը տես՝ անջատ)` օգնելու Ատրպէյճանի շրջափակման պատճառով սովամահութեան եզրին կանգնած Լեռնային Ղարաբաղի 120 հազար բնակիչները։ Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատունը լուրը չհերքեց, ոչ ալ հաստատեց։
«Մեր մօտեցումը (Արցախի իրավիճակին նկատմամբ) պարզ է. մենք կը ցաւինք եւ կը դատապարտենք զայն, բայց դիւանագիտութեան ժամանակը անցած է», շեշտեց Ֆրանսայի նախագահը՝ զգուշանալով չօգտագործել «ցեղասպանութիւն» բառը, որուն անդրադարձաւ «Փուէն»ի լրագրողը: Փոխարէնը ան կարեւոր նկատեց այն դերը, զոր պէտք է խաղայ Ֆրանսա՝ մարդասիրական օրակարգը յառաջ մղելու համար։
«Ես կը խուսափիմ այս եզրերը հապճեպօրրէն օգտագործելէ», ըսաւ Մաքրոն՝ աւելցնելով. «Մենք ունինք մարդասիրական անընդունելի իրավիճակ մը, յատկապէս Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով: Ֆրանսայի դերը ճնշում գործադրելն է մարդասիրական օգնութեան համար, եւ մենք ամէն ինչ կ՛ընենք անոր հասնելու համար: Մասնաւորապէս, մենք կը շարունակենք միջոցներու ձեռնարկել սննդամթերքի ու դեղորայքի առաքումը եւ Լեռնային Ղարաբաղ ազատ մուտքը ապահովելու համար: Աւելին՝ Հայաստանի սեփական սահմանները վտանգի տակ են»:
Միւս կողմէ, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Օքամփօ այս ամսուան սկիզբը հրապարակած իր զեկոյցին մէջ յայտնած էր, որ ցեղասպանութիւն կը կատարուի Ատրպէյճանի եւ անոր նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ:
«Փուէն»ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին Մաքրոն անդրադարձաւ Ֆրանսայի շարունակական աջակցութեան՝ Արցախին եւ ընդգծեց Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին կարեւորութիւնը: «Մենք միշտ ըսած ենք, որ կը պաշտպանենք ժողովուրդին ինքնիշխանութիւնը: Լեռնային Ղարաբաղի հարցը բարդ է, եւ ես չեմ մանրամասներ այս հարցի բարդ կողմերը», յայտնեց Մաքրոն՝ շարունակելով, որ Ֆրանսա յստակօրէն դատապարտեց 2020ի պատերազմը եւ կազմակերպեց շարք մը մարդասիրական գործողութիւններ:
«Այսօր մենք ամէն ի՞նչ կ՛ընենք Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կայուն խաղաղութեան հաստատման, ժողովուրդին ու անոր մշակոյթի պաշտպանութեան համար: Այս խաղաղութեան համաձայնագիրը անհրաժեշտ է, բայց անիկա պէտք է (ձեռք բերուի) միջազգային իրաւունքին համաձայն», ընդգծեց Մաքրոն։