25 Օգոստոսին, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տարածեցին տեսերիզներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, թէ ինչպէ՛ս Լաչինի միջանցքի ատրպէյճանական անցակէտին մէջ կը պարտադրեն Արցախի հիւանդատարին վրայէն հանել «Արցախի Հանրապետութեան Առողջապահութեան նախարարութեան թէժ գիծ ծառայութիւն» գրութեամբ պիտակը, որուն վրայ պատկերուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի զինանշանը: Գրութիւնը հանելէ ետք, ատրպէյճանցի զինուորը պահանջեց զայն իրեն յանձնել։
Նշենք, որ Լաչինի միջանցքի անցակէտով, Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի միջնորդութեամբ եւ ընկերակցութեամբ, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուեցան 10 հիւանդներ։
Դէպքը, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, պատահեցաւ այս փոխադրութեան ատեն։ Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները տեսերիզին իբրեւ խորագիր ընտրած են հետեւեալը. «Դաս՝ հայերուն՝ մեր սահմանապահներէն. աւելորդ զինանշանը վերցուեցաւ»։
Այս դէպքին անդրադարձաւ Արցախի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ «էքս»ի իր էջին վրայ գրելով. «Ադրբեջանի զինծառայողները կնոջը ստիպում են շտապօգնութեան մեքենայից հանել Արցախի զինանշանով պաստառը, մինչդեռ այլ քննարկումներում Ադրբեջանը բերում է օրինակներ, ինչպիսիք են Քուեբեկը կամ Կատալոնիան, որտեղ ազգային խորհրդանիշներն ազատ եւ լայնօրէն օգտագործւում են: Ժամանակն է հասկանալու, որ Ադրբեջանի նպատակը ո՛չ խաղաղութիւնն է, ո՛չ համակեցութիւնը»։