
28 Օգոստոսին, Լաչինի միջանցքին մէջ տեղադրուած ապօրինի անցակէտին մէջ, Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմիններուն կողմէ առեւանգուեցան Արցախի բնակիչներ Ալէն Սարգսեան, Վահէ Յովսէփեան եւ Լեւոն Գրիգորեան:
Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ նշելով, որ տեղափոխութիւնը նախապէս համադրուած էր եւ կը կատարուէր ռուսական խաղաղապահ ուժերուն ընկերակցութեամբ. առեւանգուած երիտասարդները Հայաստան կը տեղափոխուէին՝ շարունակելու իրենց ուսումնառութիւնը:
Նախարարութիւնը շեշտեց, որ Ատրպէյճանի այս քայլը, որուն նախորդեց 29 Յուլիսին բժշկական օգնութիւն ստանալու նպատակով Հայաստանի Հանրապետութիւն տեղափոխուող 68ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանի առեւանգումը, 9 Նոյեմբեր 2020ի եռակողմ յայտարարութեան, ՄԱԿի Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ իրաւաբանական պարտադիր ուժ ունեցող որոշումներու կոպիտ խախտում է եւ բացայայտ արհամարհանք՝ միջազգային հանրութեան, նաեւ՝ ՄԱԿի Ապահովութեան խորհուրդի անդամներու աներկբայ եւ հասցէական կոչերուն:
«Տարբեր կեղծ պատրուակներով տեղի ունեցած այս միջադէպերը թոյլ են տալիս հիմնաւոր մտավախութիւն ունենալ, որ Ադրբեջանն անթաքոյց կերպով ծրագրում է հաւաքական պատժի ենթարկել Լեռնային Ղարաբաղի ողջ ժողովրդին, որը նախորդ դարի 90ականներին եւ 2020թ. ստիպուած է եղել դիմակայել Ադրբեջանի կողմից սանձազերծուած լայնածաւալ ագրեսիաներին (յարձակումներուն) եւ պաշտպանել սեփական հայրենիքում խաղաղ կենսագործունէութիւն ծաւալելու իր իրաւունքը: Անկախ տարիքից, սեռից, առողջական վիճակից Լեռնային Ղարաբաղի ողջ բնակչութեանը բոլոր հիմնարար իրաւունքներից զանգուածաբար զրկելու, սովամահութեան ենթարկելու, դեղորայքի, առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքների, գազի, ելեկտրաէներգիայի մատակարարումներն արգելակելու, դիպուկահարների կողմից քաղաքացիական անձանց թիրախաւորման եւ առեւանգումների միջոցով ողջ ժողովրդին ահաբեկելու, Լաչինի միջանցքի արգելափակմամբ նրան այս քաղաքականութիւնն ի ցոյց է դնում Ադրբեջանի ղեկավարութեան իրական նկրտումները՝ ամէն կերպ խուսափել Լեռնային Ղարաբաղի հետ երկխօսութիւնից եւ փոխարէնը շարունակել էթնիկ (ցեղային) զտումների իր քաղաքականութիւնը: Տարածաշրջանում խաղաղութիւն եւ կայունութիւն հաստատելուն ուղղուած քայլերին աջակցելու փոխարէն ադրբեջանական կողմն ակնյայտօրէն իր ողջ ջանքերը ներդրել է դրանք տապալելու ուղղութեամբ: Տեղի ունեցող զանգուածային ոճրագործութեան կանխարգելումը՝ հնարաւոր ողջ գործիքակազմի կիրառմամբ, իրավիճակի վրայ ազդեցութիւն ունեցող բոլոր դերակատարների եւ, ընդհանուր առմամբ, քաղաքակիրթ աշխարհի կողմից ստանձնած անմիջական պարտաւորութիւնն է», յայտնեց Արցախի արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նոյն օրը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան հրաւիրեց Ապահովութեան խորհուրդի նիստի՝ առեւանգուած Արցախի քաղաքացիներու ճակատագիրը պարզաբանելու, զանոնք հայրենիք վերադարձնելու ուղղութեամբ կատարուող քայլերը, Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակը, հնարաւոր զարգացումները եւ իշխանութեան կատարելիքները քննարկելու նպատակով:

Արցախցի 3 երիտասարդներուն առեւանգումէն ետք, Ստեփանակերտի հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ հաւաք մը, որուն մասնակցողներուն հետ զրուցեց Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան:
Երեք երիտասարդներու առեւանգումին անդրադարձաւ նաեւ Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքների պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան՝ ընդգծելով, որ թէ՛ Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի եւ թէ ռուս խաղաղապահներու միջազգային իրաւական ու քաղաքական երաշխիքները փաստացիօրէն բաւարար չեն Արցախի բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան, նաեւ՝ ազատ ու ապահով տեղաշարժը երաշխաւորելու համար: Ան դիտել տուաւ, որ, ըստ նախնական տեղեկութիւններուն, խաղաղապահ զօրակազմին ընկերակցութեամբ կատարուած է 170 անձերու տեղափոխութիւն։
Նկատի ունենալով այդ երկու դերակատարներուն ստանձնած պարտաւորութիւնները՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անոնցմէ պահանջեց ձեռնարկել բոլոր կարելի միջոցներուն՝ Արցախի բնակչութեան մարդասիրական տեղաշարժի ապահովութիւնը եւ առեւանգուած անձերու անյապաղ վերադարձը երաշխաւորելու: «Առանց նման երաշխիքների առկայութեան՝ պէտք է դադարեցնել քաղաքացիական անձանց փոխադրումները», ըսաւ Ստեփանեան՝ աւելցնելով. «Մարդու իրաւունքների պաշտպանի աշխատակազմի կողմից ձեռք բերուած տեղեկատուութեան համաձայն՝ 2001 թուականի ծնուած Ալեն Նելսոնի Սարգսեանն ադրբեջանական սահմանապահ եւ այլ ծառայութիւնների ներկայացուցիչների կողմից ուժի եւ հարկադրանքի կիրառմամբ առեւանգուել եւ տարուել է անյայտ ուղղութեամբ»:
Ստեփանեան յայտնեց, որ, բացի այդ, Արցախէն Հայաստան տեղափոխուող հինգ ուրիշներ եւս տարուած են անցակէտին մօտ տեղադրուած յատուկ սենեակը՝ հարցաքննուելու: Հարցաքննութեան ընթացքին, Ատրպէյճանի իրաւապահ մարմինները տուած են զանազան հարումնցեր՝ մարմնակրթութեամբ զբաղելու, Հայաստան երթալու նպատակին, Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տնտեսական իրավիճակին վերաբերող:
Ըստ ձեռք բերուած տեղեկութիւններուն՝ նախօրօք համաձայնեցուած ցանկին վրայ գնուող անձերէն Վահէ Յովսէփեան եւ Լեւոն Գրիգորեան չհատեցին անօրինական անցակէտը եւ անոնց հետ կապը անջատուեցաւ:
«Բազմիցս նշել ենք, որ Հակարի կամրջի մօտ տեղակայուած անօրինական անցակէտը ուղիղ եւ անհերքելի սպառնալիք է Արցախի քաղաքացիական բնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան եւ հիմնարար իրաւունքների պաշտպանութեան համար: Վագիֆ Խաչատրեանի, Ալեն Սարգսեանի առեւանգումն անառարկելիօրէն ապացուցում են, որ այսպէս կոչուած անցակէտը վեր է ածուել ադրբեջանական յանցաւոր կամայականութիւնները սպասարկելու գործիքի, որով ադրբեջանցիների կողմից կամայական կերպով առեւանգւում եւ ազատութիւնից զրկւում են քաղաքացիական անձինք: Շրջափակման մէջ է պահւում 120,000 բնակչութիւն՝ զրկուած հումանիտար հասանելիութիւնից եւ մարդու տարրական իրաւունքների պաշտպանութեան հնարաւորութիւնից:
Հայաստանի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը անմիջապէս կապ հաստատեց իրաւասու մարմիններու գործընկերներուն հետ եւ քննարկեց անցակէտին մէջ համանման այլ միջադէպերուն վերաբերեալ հարցեր:

«Արդիւնքները հրատապութեան կարգով կ՛ամփոփուեն եւ գրութիւններ կ՛ուղարկուեն մարդու իրաւունքների պաշտպանութեան մանդատ (յանձնարարութիւն) ունեցող միջազգային հեղինակաւոր կազմակերպութիւններին: Միջազգային դերակատարների, այդ թւում՝ ռուս խաղաղապահների միջնորդութեամբ Հայաստան տեղափոխուող անձանց՝ Ադրբեջանի կողմից առեւանգումը դատապարտելի եւ անթոյլատրելի է: Հայաստանի մարդու իրաւունքների պաշտպանը եւս մէկ անգամ ընդգծում է, որ տուեալ դէպքում գործ ունենք ադրբեջանական իշխանութիւնների կողմից մարդու իրաւունքների կոպտագոյն խախտումների հետ՝ նկատի ունենալով այն, որ չեն պահպանւում մարդու հիմնարար իրաւունքներին միջամտութեան առնչութեամբ ժամանակակից քաղաքակիրթ աշխարհում համընդհանուր ճանաչում ունեցող միջազգային-իրաւական երաշխիքներն ու չափանիշները», կ՛ըսուի վերոնշեալ հաղորդագրութեան մէջ:
Աւելի ուշ, Ատրպէյճանի գլխաւոր դատախազութիւնը յայտարարեց, որ ձերբակալուած երեք հայերը կը պատրաստուի Հայաստան արտաքսել:
«Կ՛ենթադրուի, որ Ատրպէյճան մարդասիրական մօտեցում ցուցաբերէ, եւ հաշուի առնելով, որ ձերբակալուածները երիտասարդ են եւ մարզիկներ, անոնք կրնան ենթարկուիլ վարչական պատասխանատուութեան: Յամենայն դէպս, Ատրպէյճանի տարածքին մէջ չեն կրնար ապրիլ այն անձերը, որոնք կը վիրաւորեն Ատրպէյճանի դրօշը: Անոնք պէտք է Հայաստան արտաքսուին», կ՛ըսուի դատախազութեան յայտարարութեան մէջ:
Մինչ այդ, ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին Լաչինի միջանցքին մէջ գտնուող ապօրինի անցակէտին մէջ երեք հայերու ձերբակալման մասին՝ նշելով, որ անոնց կը սպառնայ 10օրեայ բանտարկութիւն:
Ատրպէյճանական լրատուամիջոցները նաեւ դիտել տուին, որ ձերբակալուած հայ երիտասարդները «Մարտունի Աւօ» ֆութպոլի ակումբի մարզիկներ են: Անոնց նկատմամբ 2021էն ի վեր հետախուզում յայտարարուած է՝ իբր թէ ատրպէյճանական դրօշը անարգելու մեղադրանքով: