«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ Արցախի փուռերուն առջեւ 24 ժամեայ անվերջանալի շարքեր կը կազմուին՝ 1 կամ 2 հացի կամ լաւաշի համար: Մարդիկ նախօրօք կը ցուցակագրուին, սակայն, յաճախ տուն կ՛երթան առանց հացի:
«Յուսահատուած վիճակ. գնաս 5 տարեկան երեխային ի՞նչ բացատրեց, որ սովորական հացն էլ չկայ: Ասում ենք՝ քաղցր չկայ, հասկանում ա, բա հացին ի՞նչ ասենք», ըսաւ Ստեփանակերտի բնակիչ Արեւ Մելքումեան, որուն ամուսինը գիշերը երկու տեղ արձանագրուած էր հացի համար, երկու փուռէն ալ դուրս եկած էր դատարկաձեռն կը նկարագրէ Մելքումեան:
Արցախի մէջ հացի հարցը երթալով կը սրի: Կառավարութիւնը թէեւ կը հերքէ տարածուած լուրերը, թէ յառաջիկայ օրերուն ընդհանրապէս ալիւր պիտի չըլլայ, բայց նոյն ատեն կը խոստովանի, որ ցորենի պաշարը սպառման եզրին է: Այս մասին յայտարարութիւն տարածեց Արցախի գիւղաջակցութեան հիմնադրամը:
«Ամէնօրեայ ռեժիմով (դրութեամբ) հաւաքագրւում են ցորենի պաշարներ եւ ստացուած ալիւրը անմիջապէս ուղղւում է հացի արտադրամասերին՝ ըստ ունեցած հնարաւորութիւնների: Այսօր առաւօտեան արդէն զգալի ծաւալի ալիւր է մատակարարուել Ստեփանակերտի արտադրամասերին, իսկ մինչեւ օրուայ վերջ կը մատակարարուի այսօրուայ եւ վաղուայ հացի պահանջարկի շուրջ 70 տոկոսի չափով ալիւր», կ՛ըսուի վերոնշեալ յայտարարութեան մէջ:
Մարտակերտցի Արա Գրիգորեան ալրաղացէն ալիւր կը ստանայ, կը տանի փուռերը, ուրկէ պատրաստ հացը կը մատակարարուի երեք գիւղերո։ «Էսօր տարել եմ ու վաղը չեմ տանելու, չկայ, որ տանեմ», ըսաւ ան:
28 Օգոստոսին արդէն ներքին Յոռաթաղի մէջ մէկ հացը երկու մասի բաժնած կը ծախեն: «Հերթը ո՞րն է՝ ո՛չ սկիզբ կայ, ո՛չ վերջ՝ ողջ գիւղը խանութի մօտ իր մեքենային է սպասում այդ մէկ կամ կէս հացի համար», նշեց գիւղացի մը:
Մէկ այլ անլուծելի հարց է ցորենի բերքը հաւաքելը. Ատրպէյճանի զինուժը կը կրակէ ցորեն հնձող սարքերուն վրայ: Այդպէս՝ Սարուշէնի միակ ցորենի դաշտին մէջ բերքը կը խոնաւնայ եւ կը փճանայ, կարելի չէ հաւաքել։ «60 հեկտար ա, չենք կարողացել հաւաքել, կրակում են, քանի անգամ փորձել ենք, կրակում են: Ռուս խաղաղապահները կանգնած, էլի կրակում են», ըսաւ Սարուշէնի համայնքապետ Կարէն Գասպարեան:
Ստեփանակերտցի Արեգա Իշխանեան ըսաւ, որ եթէ նոյնիսկ մէկ կամ երկու հաց կրցաւ ապահովել անձ մը եւ տուն տարաւ, դարձեալ բաւարար չէ, որովհետեւ ուտելիք ուրիշ ոչինչ կայ: «Ո՞նց կարա բաւարարի, հիմա մենակ հացը չի խնդիր, ոչ մի բան չկայ, գոնէ էրեխեքը հաց են ուտում: Ախր, ոչ մի բան չկայ է»:
Հացի խորացող ճգնաժամի այս օրերուն բազմաթիւ բողոքներ կը հնչեն, թէ ինչո՛ւ կառավարութիւնը հացը կտրօնով չի դասաւորեր, ինչպէս նախապէս, որպէսզի մարդիկ գիշերը-ցերեկ շարքի մէջ սպասելով չչարչարուին՝ յաճախ անարդիւնք:
Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արշաւիր Ղարամեան իշխանութեան կ՛առաջարկէ կտրօնով տրամադրել ոչ միայն հացը, նաեւ հաց պատրաստելու բաղադրիչները, որպէսզի մարդիկ տան մէջ հաց թխեն:
Այժմ հացը կտրօնով կը տրամադրուի միայն Մարտունիի կարգ մը շրջաններու մէջ: