Մարդիկ կան, որոնք կը հաւատան ազգային լեզուի հիմնարար եւ հիմնական դերին, ազգ գոյացնելու եւ պահելու ճամբուն վրայ, բարեսիրականէ, «պիզնէս»է եւ աթոռ-աթոռակի քաղաքականութենէ վեր, քանի որ լեզուն կը կազմէ նկարագիր եւ ինքնութիւն՝ որ շրջապատի եւ ազդեցութիւններու տխուր պատճէնը չէ, այսինքն՝ ան թումբ է այլասերման եւ օտարումի դէմ, որպէսզի ազգային համրանքը մնայ իր որակով: Մարդիկ կան, որոնք չեն հաւատար ազգային լեզուի հիմնարար եւ հիմնական դերին, արդարացումներ փնտռելով, ինչպէս առակի պոչատ աղուէսը, որ կ’ուզէր իր ընկերները համոզել, որ… պոչը աւելորդ էր եւ հարկ էր անկէ ձերբազատուիլ: Այս երկրորդ դասին պատկանողներ, որոնք բացառիկ չեն, ազգավնաս տարրեր են եւ անսեթեւեթ կերպով հարկ է զանոնք դատափետել:
Գործնապաշտներ կային եւ կան Հայաստան, դեռ երէկ ռուսերէնի կառչած, անդուռ փոխառութիւններով, խեղճացող եւ խեղճացնող, մշակոյթ եւ ինքնութիւն խաթարող, կան նաեւ այսօր նոյն երակէն եկող կապկող-նորարարներ, ամերիկերէնի նոր լաստին կառչած՝ որպէս արդիականութիւն եւ յառաջդիմութիւն: Նման «լըվանթէն»ներ եղած են անցեալին, Թիֆլիս եւ Պոլիս, որոնք օտարալեզու դառնալով կարծած են նուաճել իրենց պակսող ազնուականութիւնը: Եզրակացութիւնը եղած է այն, որ աստիճանաբար անոնք կորսնուցած են իրենց ազգային պատկանելիութիւնը, դարձած են «ծագումով հայ»… եւ այդ «ծագման» յիշատակն ալ հալած-մաշած է: Այս անկման համար երկու կամ երեք սերունդ բաւարար եղած են: Անոնք մաս կը կազմեն տարբեր ազգերու, յաջողածներ ըլլան թէ ոչ, ազգի տեսանկիւնէն անկարեւոր հարց է: Անոնք հայ ըլլալէ դադրած են, նոյնիսկ եթէ անոնց նուաճած հռչակով հպարտացող մանր քաղքենիներ մեզ դրոշմած գաղթականի հոգեբանութեամբ կապեր կը փնտռեն…
Հայութեան եւ օտարացման միջեւ տարուբերող մարդիկ, իրենք զիրենք կամ իրենց շրջապատը «փրկելու» արուեստակեալ իրարանցումներով հրապարակը կ’աղմկեն, ազգային լեզուի տեղատուութեան արդարացումներ փնտռելով. տեսաբանական ճառեր եւ կարգախօսներ: Քաջութիւն կ’ունենա՞նք տեսնելու եւ ըսելու, որ կարկտանները միշտ ապարդիւն եղած են, օղակը հետզհետէ նեղցած է, օտարացումն ու օտարումը իրենց հեղեղին մէջ առած տարած են ազգի մը համար էական համրանքը: Պիտի հասկնա՞նք, որ անտեսելով ազգային լեզուի հիմնական եւ հիմնարար դերը, ճամբայ հարթած ենք օտարացնող ազդեցութիւններու, նպաստած ենք այլասերման: Բացառութիւնները կը հաստատեն օրէնքը. հազուագիւտ տիպարներ կան, որոնք կորսնցնելով հանդերձ ազգային լեզուն, մնացած են ազգային հաւաքականութեան մէջ:
Սփիւռքի մէջ այս կացութիւնը յուսահատական պատկեր կը պարզէ: Եկեղեցիներէն, ակումբներէն, բեմերէն, խորհրդաժողովներէն եւ ժողովներէն աստիճանաբար վանած ենք հայերէնը, եւ այդ ընթացքը կը շարունակուի, «կացութիւն փրկելու» մորթուող հաւու թափարահարումներով: Եթէ չկատարենք գիտակցական ոստումը, հայկական իմաստութեան եւ իրաւ յանձնառութեան առաջին քայլը եւ հայերէնը չվերադարձնենք մեր կեանքին մէջ, կը շարունակուի բազմապատկումը «ծագումով հայեր»ու, որոնք դեռ ժամանակ մըն ալ կը մնան կրօնական համայնքի մէջ, կը գործեն որպէս «հայասէր-բարեսէր»..: Մի՞թէ բացատրութեան կը կարօտի այն պարզ իրողութիւնը, որ մեր տարտղնումը յաղթահարելու կոչուած ազգակերտ հասարակ յայտարար է հայերէնը, ազգային լեզուն: Առանց այս գիտակցութեան եւ անոր հետեւող յանձնառութեան, ազգային կեանքի մէջ դերակատարութիւն ստանձնելու միտումներն ու փառասիրութիւնները լոկ դիրքապաշտութիւն են: Ինչպէ՞ս կարելի է Հայաստանեայց եկեղեցիի զանազան կառոյցներուն մէջ հանգամանքներու տիրացման ձգտիլ, առանց Օրմանեան կարդալու, հայ քաղաքական կեանքի մէջ ղեկավարութիւն խաղալու՝ առանց Եղիշէ, Աբովեան, Քրիստափոր, Վարուժան, Ռուբէն, Պարոյր Սեւակ… կարդացած ըլլալու: Մի՞թէ հայկական յանձնառութիւններ ընդունելու եւ ազգ առաջնորդելու համար հասարակ յայտարար պիտի ըլլան Մարքսը, Կեւարան, Թոքվիլը, Ատամ Սմիթը…
Մարդ «չնեղացնելու» նորատեսակ նեղմտութեամբ, կը խուսափինք հիմնահարցերը ճակտէն դիտելէ: Այդքան ալ դժուար ըլլալու չէ տեսնել, որ հայոց ազգային հարցը սերտօրէն կապուած է ազգային լեզուին, անցեալ եւ ոգի ժառանգելու համար: Օտար լեզուներու գործածութիւնը միջոց պիտի ըլլար զարգացման եւ արտաքին աշխարհին հետ յարաբերելու, բայց ոչ ազգային գոյութիւն կերտելու: Գաղութարարները, երբ տիրէին երկրի մը, առաջին հերթին կը հաստատէին իրենց դպրոցները եւ կը սորվեցնէին իրենց լեզուն, քանդելու համար ազգային պատկանելիութեան գիտակցութիւնը: Այդ աշխատանքը մենք կը կատարենք մեր ազգին մէջ: Նպատակներու շփոթը աւեր պիտի գործէ, եթէ արդէն չէ գործած: Ազգի նկատմամբ յանձնառութիւնը կը շեշտուի եւ որակ կ’ունենայ ազգային լեզուով եւ մշակոյթով: Մեր գոյատեւումը, որպէս ինքնուրոյն ազգ, պայմանաւորուած է լեզուով եւ մշակոյթով: Այդ ընդոծին իմաստութեամբ առաջնորդուեցան Եղեռնէն ճողոպրած համեստ մարդիկ, որոնք ոգի ի բռին լծուեցան հայերէնի ուսուցման եւ դպրոցներու ստեղծման, հայերէն գիրք եւ թերթ հրատարակեցին: Ճիշդ պէտք է սահմանել վերականգնումի ուղիները: Հրեաները վերականգնեցին իրենց հին լեզուն, իրենց տեղատուութիւնները եւ տարբերութիւնները յաղթահարելու համար:
Վաւերական ղեկավարում եւ նպատակասլաց որոշումներ եթէ չկրեն ազգային լեզուի եւ մշակոյթի դրոշմը, ամբոխ զուարճացնող անվաղորդայն հրավառութիւն կ’ըլլան: Լեհաստանի քառասուն հազար անվերադարձ կերպով կորսուած հայ ընտանիքները եւ անոնց յաջորդները չեն իսկ զարմանար, թէ ո՞ւր հասած են: Չկան: Եթէ գիտակցական ոստումը չկատարուի, անոնց պատմութիւնը կը կրկնուի ամէնուրեք, ուր կ’ըսենք, թէ հայեր կան:
Ոչ յոռետեսութիւն, ոչ ծակ-պտուկ ինքնագոհութիւն, այլ պճեղ մը իրատեսութիւն: