Ատրպէյճան շուրջ հինգ տասնեակ երկիրներու, որոնց կարգին Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ, դիւանագէտներու ընկերակցութեամբ այցելութիւն կազմակերպեց Աղտամ-Ստեփանակերտ ճամբու այն հատուածը, ուր կանգնած են մարդասիրական բեռնատարները, զորս Պաքու մտադիր է փոխադրել Արցախ:
Այցելութեան նպատակը, ըստ ատրպէյճանական լրատուամիջոցներուն, ցոյց տալն է «ցուցադրութիւն հայերուն», որոնք կ՛արգիլեն «բեռնատարներու վարորդներուն միջոցով Ղարաբաղ ալիւր ներածել»:
Թուարկուած երկիրներուն մէջ կը բացակային ԵԱՀԿի Մինսքի խումբին համանախագահող երկիրները՝ Միացեալ Նահանգները եւ Ֆրանսա: