Արուեստագէտ Միշա Բադասեան Ցիւրիխի մէջ իւրայատուկ ցոյցով մը հանրութեան ներկայացուց Արցախի մէջ տիրող իրավիճակը:
Այս մասին Բադասեան Instagram-ի իր էջին վրայ հրապարակուած լուսանկարներուն կից գրած է հետեւեալը.«Ե ս 3 օր հաւաքած եմ խնայուած հացը՝ ստեղծելու համար այս քանդակը եւ մարդոց տեղեկացնելու տիրող սարսափելի իրավիճակին մասին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, ուր մարդիկ այս պահուն սովամահ կ՛ըլլան։ Ասիկա իմ առաջին հրապարակային ցոյցն է Ցիւրիխ տեղափոխուելէս ի վեր: Ասիկա մեծ փորձ է, եւ նման նախագիծերու մեծ կարիքը կայ, որովհետեւ զուիցերիացիները նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ ուր կը գտնուի Հայաստան։ Ես կը զրուցեմ մարդոց հետ եւ կրնամ պատմել իմ պատմութիւնը»: