Շաբաթ, 2 Սեպտեմբերին, Ազատութեան հրապարակին վրայ, Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 32ամեակին առիթով, տեղի ունեցաւ ընդդիմութեան հանրահաւաքը՝ «Էս.Օ.Էս. Արցախ» կարգախօսով:
Հանրահաւաքին նպատակն էր՝ Հայաստանի ու Սփիւռքի միասնական ձայնը հնչեցնել Արցախի ու հայութեան համար այս ծանր ու վճռական փուլին:
Հանրահաւաքի մեկնարկին, Հայաստանի եւ Արցախի պետական օրհներգերէն ետք, Շուշան Պետրոսեան կատարեց «Երազի Իմ Երկիր Հայրենի» երգը:
Տէրունական աղօթքը կատարեց եւ օրհնութեան խօսք ուղղեց Տաւուշի թեմի առաջնորդ Բագրատ արք. Գալստանեան: Սրբազանը երախտիքի խօսք յղեց Արցախի անկախութեան համար նահատակուած հերոսներուն եւ Ազատութեան հրապարակին մէջ գտնուող հանրահաւաքին մասնակցողներուն:
Հանրահաւաքին ելոյթներ ունեցան շուշեցի Նարէ Սիմոնեան, «Հայաքուէ» նախաձեռնութեան համակարգող Աւետիք Չալաբեան, «Բաբոն տէր ա» նախաձեռնութիւնը, 44օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Վաչագան Մանուկեանի հայրը` գրող Խաչիկ Մանուկեան, քաղաքագէտ Թեւան Պօղոսեան, 44օրեայ պատերազմին ընթացքին զոհուած Յակոբ Ռոստոմեանի հայրը` Արա Ռոստոմեան, «Մայր Հայաստան» դաշինքի առաջնորդ Անդրանիկ Թեւանեան, Ազգային ժողովի «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութեան քարտուղար Տիգրան Աբրահամեան, Ղարաբաղեան շարժման ակունքներուն մէջ կանգնած, Ղարաբաղ կոմիտէի ղեկավար Վազգէն Մանուկեան եւ «Հայաստան» խմբակցութեան անդամ Իշխան Սաղաթէլեան:
Տեսաուղերձով հանրահաւաքի մասնակիցներուն իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
Հանրահաւաքը վերջ գտաւ Շուշան Պետրոսեանի հանրայայտ «Արցախ» երգի կատարումով:
Հանրահաւաքին ներկայ էին նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախկին նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեան եւ Սերժ Սարգսեան: