Արցախի պաշտպանութեան բանակի համապատասխան ստորաբաժանումներուն կողմէ շփման գօտիին մէջ արձանագրուեցան ատրպէյճանի զինուժի մեծաքանակ ռազմական սարքերու, որոնց կարգին հրետանային միջոցներու տեղաշարժեր եւ կեդրոնացում: Այս մասին յայտնեց Արցախի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը՝ հաղորդագրութեան հետ ներկայացնելով նաեւ տեսանիւթ մը:
Միւս կողմէ, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը շարունակէ նաեւ տարածել սադրանքի հող նախապատրաստող ապատեղեկատուութիւն։
Ասոր զուգահեռ, 4 Սեպտեմբերին, ժամը 10:10ի շուրջ, Ատրպէյճանի զինուժը Սարուշէնի ուղղութեամբ խախտեց զինադադարը՝ կիրարկելով հրաձիգներ, նաեւ թիրախ դարձնելով գիւղատնտեսական աշխատանքներ կատարող սարք մը։
Օր մը առաջ, Ատրպէյճանի զինուժը Ճանկաթաղի ուղղութեամբ խախտեց զինադադարը՝ կիրարկելով հրաձիգներ եւ Հան-17 նռնականետեր: Այս անգամ, ատրպէյճանցիները թիրախ դարձուցին ջրատար մեքենայ մը:
Ըստ Արցախի պաշտպանութեան բանակի տարածած հաղորդագրութեան՝ կայ վիրաւոր մը, որուն կեանքը վտանգի մէջ չէ։