Ատրպէյճան կ՛օգտուի այն հանգամանքէն, որ Ռուսիա զբաղած է Ուքրանիոյ հակամարտութեամբ եւ առիթը կը շահագործէ «մարդկութեան դէմ ոճիրներ» կատարելու, կը գրէ New York Times-ի սիւնակագիր Նիքլըս Քրիսթոֆ՝ անդրադառնալով Լաչինի միջանցքի փակումին պատճառով Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամին։ Յօդուածը վերնագրուած է՝ «Տարձեալ Ցեղային Զտում Մը Կրնայ Կատարուիլ, Իսկ Մենք Կ՛անտեսենք Զայն»։
«Դուք, հաւանաբար, չէք լսած Լեռնային Ղարաբաղ կոչուող հայկական տարածքին նկատմամբ Ատրպէյճանի դաժանութիւններուն մասին, սակայն անիկա արժանի է քննութեան», կը գրէ յօդուածին հեղինակը՝ յիշեցնելով Միջազգային քրէական դատարանի նախկին ընդհանուր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի այն յայտարարութիւնը, որ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ «ցեղասպանութիւն կը կատարուի» հայերուն դէմ։

«Չափազանց կարեւոր է զայն պիտակաւորել՝ իբրեւ ցեղասպանութիւն», ըսած էր Օքամփօ Քրիսթոֆին՝ շեշտելով, որ Միացեալ Նահանգները եւ այլ պետութիւններ, ներառեալ՝ այս նիւթին շուրջ, բաւական սակաւախօս Մեծն Բրիտանիան, աւելցնեն ճնշումը Ատրպէյճանի վրայ։
Յօդուածին մէջ կը խօսուի նաեւ Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական ծանր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ Արդարադատութեան միջազգային դատարանի որոշումին մասին, ըստ որուն Ատրպէյճանը պէտք է վերցնէ շրջափակումը։
«2020ին Ատրպէյճան մղեց կարճ պատերազմ մը, որուն ընթացքին ետ գրաւեց Լեռնային Ղարաբաղի մեծ մասը, եւ այժմ կը փափաքի ետ բերել մնացած մասը եւ, ըստ իս, դուրս մղել ազգութեամբ հայ բնակչութեան մեծ մասը», կը նշէ յօդուածին հեղինակը։
Յօդուածին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Ամերիկա եւ Ռուսիա, որոնք բազմաթիւ հարցերու շուրջ հակադիր դիրքորոշումներ ունին, համակարծիք են, որ Ատրպէյճան պէտք է անյապաղ բանայ Լաչինի միջանցքը։