«Լեմքին» Ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը հրապարակեց 126 էջնոց զեկոյց մը Արցախի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ ցեղասպանութեան վտանգին վերաբերեալ:
Հիմնարկը «Էքս»ի իր էջին վրայ քը դեղեկացնէ, որ զեկոյցի նախագիծի հրապարակումը պայմանաւորուած է շրջափակման ծանր հանգամանքներով եւ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ Ատրպէյճանի ռազմական կուտակումներով:
«Մենք խորապէս մտահոգուած ենք ներկայիս տեղի ունեցածով, եւ կը կարծենք, որ անիկա ցեղասպանութիւն է: Միջազգային աշխարհը շատ բան կրնայ ընել Հայոց Երկրորդ ցեղասպանութիւնը կանխելու համար, սակայն անիկա պէտք է գործէ համարձակ եւ արագ», կը տեղեկացնէ հիմնարկը։
Զեկոյցը մանրամասնօրէն կ՛անդրադառնայ Արցախի պատմութեան, ներկայի շրջափակման պատճառով ստեղծուած ծանր իրավիճակին, ինչպէս նաեւ 2020ին Ատրպէյճանի սանձազերծած լայնածաւալ պատերազմին եւ անոր մէջ Թուրքիոյ դերակատարութեան:
«Ատրպէյճանի արշաւին մէջ թրքական զէնքերու համատարած օգտագործումը կ՛արտացոլացնէ երկու երկիրներուն միջեւ շարունակուող համագործակցութիւնը եւ Թուրքիոյ հաստատակամ աջակցութիւնը Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի տարածաշրջանի գրաւման․․․ Միայն 2020 ի առաջին ինն ամիսներուն, Թուրքիա Ատրպէյճանին վաճառեց 123 միլիոն տոլարի թրքական զէնք, որուն կէսէն աւելին, ինչպէս արձանագրուած է, ձեռք բերուած է հակամարտութեան բռնկումէն ընդամէնը մէկ ամիս առաջ», կ’ըսուի զեկուցումին մէջ:
Ըստ «Լեմքին» հիմնարկի զեկոյցին` պատերազմին աւարտը եւ խաղաղապահներու տեղակայումը խաղաղութիւն չբերին տարածաշրջանին։ «Ատրպէյճանի ուժերը մինչեւ այսօր կը շարունակեն խաղաղ բնակչութեան սպառնալ ոտնձգութիւններով, Արցախի եւ Հայաստանի հանրապետութիւններուն վրայ անկանոն յարձակումներով, հայերու սպանութիւններով եւ առեւանգումներով, ինչպէս նաեւ զինադադարի եռակողմ յայտարարութեան խախտումներով»։
Հիմնարկը նաեւ կ՛արձանագրէ Լաչինի միջանցքի փակման պատճառով, Արցախի մէջ ստեղծուած ճգնաժամը, որ, ըստ Միջազգային քրէական դատարանի նախկին գլխաւոր դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփոյի` ցեղասպանական գործողութիւն է:
«Ատրպէյճանի եւ Արցախի Հանրապետութեան քաղաքական համակարգերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող անհաւասարութիւնը հսկայական խոչընդոտ է ոեւէ համաձայնագիրի համար, որ Արցախը պիտի ներառէ իբրեւ Ատրպէյճանի անբաժանելի մաս, որովհետեւ բռնապետութեան քաղաքացիութիւն ընդունիլը կը նմանի սեփական քաղաքացիական ազատութիւններէն հրաժարուելուն եւ ճնշման ենթարկուելուն համաձայնութիւն տալուն», կը նշուի զեկոյցին մէջ, ուր անդրադարձ կը կատարուի նաեւ Ատրպէյճանի կողմէ հայ ռազմագերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքին, եւ, ընդհանուր առմամբ, երկրի իշխանութիւններու մակարդակով վարուող հայատեաց քաղաքականութեան:
Արցախի հայերու սովամահութիւնը եւ բռնի տեղահանութիւնը կանխելու եւ Հայաստանի Հանրապետութեան հայերուն նկատմամբ ցեղասպանական հետագայ հնարաւոր յարձակումները կանխելու համար, «Լեմքին» հիմնարկը միջազգային հանրութեան կ՛առաջարկէ հանրային կերպով ճանչնալ Արցախի եւ Հայաստանի մէջ հայերուն դէմ ցեղասպանութեան վտանգը, պահանջել անյապաղ դադրեցնել Լաչինի միջանցքին փակումը, օդային ճամբով անմիջապէս մարդասիրական օգնութիւն հասցնել Արցախի քաղաքացիներուն, աշխոյժ կերպով միջամտելու` պաշտպանելու համար Արցախը Ատրպէյճանի զինուած յարձակումէն:
Զեկոյցին ամբողջութիւնը կայքին վրայ: