8 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը կազմակերպեց ներկայացում մը իր երկրին մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական անձնակազմերուն համար, եւ Ճէյհուն Պայրամով հոն յայտարարեց, որ «Հայաստանի նպատակն է՝ գաղափարական, քաղաքական, ռազմական, ֆինանսական եւ ամէն տեսակի այլ միջոցներով աջակցիլ Ատրպէյճանի մէջ անջատողականութեան», որպէսզի ժամանակ շահի եւ խուսափի իրական քայլերէ, որոնք կրնան յառաջընթաց ապահովել։
Ան կրկնեց Պաքուի թէզը, որ իբր թէ Հայաստան Լաչինի ճամբան 2.5 տարի օգտագործեց ռազմական եւ այլ անօրինական նպատակներով՝ աւելցնելով, որ 23 Ապրիլին անցակէտ տեղադրուեցաւ՝ «ճամբու անօրինական օգտագործումը կանխելու եւ սահմանի հատումը կանոնաւորելու նպատակով»:
Օտար դիւանագէտներուն նաեւ յայտնուեցաւ, որ հայկական կողմը նոր խրամատներ կը փորէ, ամրութիւններ կը կառուցէ, անձնակազմ եւ սարքեր կը կեդրոնացնէ, որպէսզի հերթական ռազմական արկածախնդրութեան սկսի, հակառակ անոր որ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը՝ Ղարաբաղով միասին, ճանչնալու յայտարարութիւն կատարեց Հայաստանի վարչապետը։
Հաւաքին մասնակցող Պայրամով, նախագահի օգնական Հիքմեթ Հաճիեւ եւ նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով պնդեցին, որ՝ «Հայաստանի ներկայի կեցուածքը չի տարբերիր հայկական կողմի 30 տարիներու վարած քաղաքականութենէն, որուն նպատակն է դրժել պայմանաւորուածութիւնները, չկատարել ստանձնած պարտաւորութիւնները եւ զբաղիլ բանակցութիւններ նմանակելով»:
Անոնք նաեւ խստօրէն քննադատեցին Արցախի մէջ նախատեսուած նախագահի ընտրութեան իրականացումը: «Այդ, այսպէս կոչուած, «նախագահական ընտրութիւնները» ծայրայեղ սադրիչ քայլ են: Ատրպէյճանի ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան դէմ ուղղուած նման բացայայտ խախտումը կտրականապէս անընդունելի է», ընդգծեց ատրպէյճանական կողմը։