«Ասպարէզ»ի Յունիս 26, 2007ի թիւին մէջ կարդացի «Օրուան հետ» առաջնորդող սիւնակը՝ թերթիդ խմբագրապետ Վաչէ Բրուտեանի հեղինակութեամբ:
Յօդուածը կը վերաբերէր Յունիս 25ին Փարիզի մէջ աւարտած խորհրդաժողովին, որ քննած էր Տարֆուրի մէջ գործադրուող ցեղասպանութեան վերջ տալու խնդիրը:
Ըստ երեւոյթին եւ հաւանաբար իրապէս, այդ խորհրդաժողովը չէր յանգած Տարֆուրի ցեղասպանութիւնը դադրեցնելու գործնական միջոցառումներու: Այս առթիւ սիւնակին հեղինակին ընդվզումը հասկնալի պիտի ըլլար, եթէ դատապարտէր խորհրդաժողովի ամլութինը ընդհանրապէս:
Սակայն ինչո՞ւ առանձնացնել եւ քննադատութեան թիրախ դարձնել, գլխաւորաբար Ֆրանսայի նախագահ Նիքոլա Սարքոզին եւ անոր կողքին՝ Մ. Նահանգներու պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսը: Ինչո՞ւ համար առնուազն չնշել անունները խորհրդաժողովին մասնակից եւ մեծ համարուող միւս պետութիւններուն՝ Անգլիոյ, Գերմանիայի, Իտալիոյ, Ռուսիոյ, Քանատայի, Ճափոնի, Սպանիոյ, Չինաստանի պատասխանատուութիւնը եւս եւ մանաւանդ ինչպէ՞ս կարելի է անտեսել յիշատակումը Տարֆուրի ցեղասպանութեան պատասխանատու համարուող երկրին՝ Սուտանի անունը, Տարֆուրի ցեղասպանութեան վերաբերող որեւէ գրութեան մէջ:
Եւ ինչո՞ւ ընդհանրապէս որդեգրել արհամարհական եւ ծաղրական ոճ մը սիւնակին երկայնքին:
Իբրեւ ամերիկեան քաղաքացի տեղին կրնար համարուիլ առանձնաբար քննադատել պետական քարտուղար Քանտըլիզա Ռայսի դիրքորոշումը Տարֆուրի ցեղասպանութեան խորհրդաժողովին կապակցաբար:
Սակայն ինչո՞ւ գլխաւորաբար Ֆրանսայի նախագահ Սարքոզիի առանձնացումը եւ անոր ուղղուած քննադատութիւնը, որ ի յայտ կուգայ սիւնակի թէ՛ վերնագրէն («Իրա՞ւ, պարոն Սարքոզի») եւ թէ բովանդակութենէն:
Ինչո՞ւ հազիւ թէ շղարշուած ձեւով «ճղճիմ» մարդ համարել Ֆրանսայի նախագահը, երբ կ’ակնկալենք, որ այդ երկրի Ծերակոյտն ալ միանայ խորհրդարանին Ֆրանսայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան դրժումը իբրեւ պատժելի ոճիր հաստատելու համար:
Եւ ինչո՞ւ արհամարհական ու ծաղրական ոճ մը որդեգրել սրամտութեան սիրոյն՝ երբ հարցը կը վերաբերի ցեղասպանութեան արգիլման խորհրդաժողովի մը:
***
Զուգադիպաբար, ճիշդ «Ասպարէզ»ի վերոյիշեալ սիւնակի հրատարակութեան անմիջականօրէն յաջորդող օրերուն «Հայ կեանք» թերթի 26-28 Յունիսի թիւին մէջ կարդացի նախագահ Ն. Սարքոզիի Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղած շնորհակալական նամակը՝ առ ի պատասխան Արամ Ա. կաթողիկոսի Ֆրանսայի նախագահին ընտրութեան շնորհաւորական նամակին, եւ անկարելի չէ չանդրադառնալ թերթին այդ նամակը պարունակելուն, որովհետեւ անոր թէ՛ հայերէն եւ թէ անգլերէն բաժիններու առաջին էջերը գրաւած էին Արամ Ա. կաթողիկոսի եւ նախագահ Ն. Սարքոզիի մեծադիր գունաւոր նկարները՝ ընթերցողը յղելով այն էջերուն, ուր տպուած էր նամակը:
Այդ նամակը լոյս չտեսաւ թէ «Ասպարէզ»ի եւ թէ, որչափ որ կրցայ ճշդել, այլ հայկական թերթերու մէջ:
Նկատի ունենալով այս անտեսումը, մտածեցի, թէ ան կրնայ անվաւեր ըլլալ. սակայն Անթիլիասի կաթողիկոսարանի կայքէջը հաստատեց ոչ միայն նամակին վաւերականութիւնը, այլ նաեւ այն պարագան, որ հայերէն եւ անգլերէն թարգմանութիւնները տառացիօրէն առնուած էին Անթիլիասի կայքէջէն:
Նախագահ Ն. Սարքոզիի նամակի բովանդակութենէն ի յայտ կուգայ, թէ Արամ Ա. կաթողիկոսին ուղղուած նամակը սոսկ քաղաքավարական շնորհակալագիր մը չէ, այլ ան կը պարունակէ թէ՛ հրաւէր մը եւ թէ խոստում մը: Նախագահ Ն. Սարքոզի կը հրաւիրէ Արամ Ա. կաթողիկոսը, որ երբեւիցէ Ֆրանսա գտնուելու պարագային այցելէ իրեն: Ան կը խոստանայ նաեւ Լիբանան գտնուելու պարագային՝ այցելել կաթողիկոսին:
Բայց նամակը կը պարունակէ աւելի կարեւոր պարբերութիւն մը զոր կ’ուզեմ յանձնել ձեր ընթերցողներու ուշադրութեան՝ պահելով Անթիլիասի կայքէջի ֆրանսերէնէ թարգմանութիւնը այնպէս ինչպէս որ է:
Նախագահ Ն. Սարքոզի կը գրէ.-
«Զգացուած եմ, որ դուք կ’ակնարկէք Ցեղասպանութեան նկատմամբ իմ ունեցած դիրքորոշումներուն: Արդարեւ, Թուրքիոյ կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումը իմ կարծիքով բարոյական պարտաւորութիւն մըն է: Դուք կրնաք վստահ ըլլալ, որ ես պիտի շարունակեմ ամբողջական յանձնառութեամբ արտայայտուիլ եւ գործել այս ուղղութեամբ»:
Չեմ կարծեր, թէ որեւէ նախագահ ստիպուած պիտի զգար քաղաքավարութեան սիրոյն վերեւինին նման գրաւոր արտայայտութիւններ ունենալու, եթէ անոնք իր համոզումները չփոխանցէին: Եւ, ըստ երեւոյթին, նախագահ Ն. Սարքոզի նման քաղաքավարական կամ դիւանագիտական փափկանկատութիւններու հաւատացող չէ, որովհետեւ միեւնոյն պարագաներուն մէջ Լիբանանի նախագահին ուղղած իր «շնորհակալագիրը» սկսած է պարզապէս «զօր. Էմիլ Լահուտին» վերտառութեամբ՝ զլանալով անոր նախագահի տիտղոսը, եւ քննադատած անոր դիրքորոշումները (Տեսնել «Նոր Հայաստան» թերթի 6-28-07 լուրը:)
Կը յուսամ, որ հակառակ բաց նամակի մը սահմանները զանցող այս գրութեան, կը բարեհաճիք տեղ տալ անոր «Ասպարէզ»ին մէջ:
Միշտ Յարգանօք՝
Քրիստափոր Բագրատունի
ՄԵՐ ԿՈՂՄԷ.- Սիւնակը, որուն կ’ակնարկուի, կ’առնչուի «Ռոյթըրզ» գործակալութեան Երկուշաբթի, Յունիս 25, 2007 թուակիր լրատուութեան, որ լոյս տեսած էր «Ասպարէզ»ի ձեր նշած համարին մէջ, սիւնակին ճիշդ կողքը: «Ռոյթըրզ»ի լրատուութեան մէջ ոչինչ կար այլ ղեկավարներու յայտարարութիւններուն մասին: Հոս երկրորդական է, թէ արդեօք անոնք որեւէ յայտարարութիւն կատարա՞ծ էին եւ գործակալութիւնը չէր արձագանգած, թէ առհասարակ որեւէ յայտարարութիւն չէին կատարած: Ինքնաբերաբար կը բացատրուի, թէ ինչո՞ւ միայն Ռայսը եւ Սարքոզին նշուած էին սիւնակին մէջ:
Գալով խորհրդաժողովի մասնակիցներուն, մեր լրատուութեան մէջ նշուած էին Ութնեակը եւ նուիրատու երկիրները՝ իբրեւ երկու անջատ խմբաւորումներ:
Սակայն բուն հարցը կը կայանայ այն հանգամանքին մէջ, որ Սուտան կոչուած երկրի մը մէջ, կայծակնային հաղորդակցութեան այս դարուն, երբ ամէն տեղեկութիւն կարելի է երկվայրկեանի մէջ ամբողջ աշխարհի մէջ տարածել համացանցով, հեռատեսիլով եւ տեղեկատուական հազարումէկ այլ միջոցներով, ահաւասիկ աւելի քան չորս տարիէ ի վեր, հարիւր հազարաւոր անմեղներ սպաննուած են եւ կը շարունակեն զոհ երթալ, միաժամանակ՝ աւելի քան 2.5 միլիոն հոգի տեղահան եղած է:
Ի տես այս բոլորին, ազգերու միջազգային ընտանիքը գործնականօրէն բան չէ ըրած կասեցնելու համար ցեղասպանութիւնը: Փաստը այն է, որ այդ ոճիրը կը շարունակուի:
Ահաւասիկ, երբ այս ենթապաստառին վրայ կը կարդանք Ռայսի կամ Սարքոզիի նման պատասխանատու դէմքերու ոչինչ ըսող յայտարարութիւնները այս մարդկային ողբերգութեան կապակցութեամբ, զայրոյթէ նուազ ի՞նչ զգացում կը համակէ մեզ:
Սարքոզի կրնայ դրական արտայայտութիւններ ունեցած ըլլալ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ. ինքնին դրական է անշուշտ այդ մէկը: Սակայն այդ դրականը ոչինչով կ’արդարացնէ Սուտանի մէջ շարունակուող ողբերգութեան մասին իր այն արտայայտութիւնը, թէ «իբրեւ մարդ արարածներ եւ իբրեւ քաղաքագէտներ, մենք պէտք է լուծենք Տարֆուրի տագնապը, լռութիւնը կը սպաննէ», եւայլն: Սակայն եկէք եւ միասնաբար հարց տանք Սարքոզիի եւ Ռայսի՝ ո՞վ արգելք եղած էր ձեզի, որ չորս տարի շարունակ գործնական քայլ չառնէք այդ ուղղութեամբ, երբ, ինչպէս շատ մօտիկ անցեալը ցոյց կու տայ, Քուէյթի եւ Իրաքի պարագային գործնական քայլերը երբեք չուշացան…
Յարգելի նամակագիրը կրնայ գոհ չըլլալ սիւնակին մէջ գործածուած ոճէն: Ամբողջական յարգանք ունինք իր տեսակէտին նկատմամբ, որովհետեւ տեսակէտներու այլազանութիւնը միայն օգտակար է:
Գալով Սարքոզի-կաթողիկոս նամակագրութեան, զայն չենք կապեր սիւնակով արծարծուած հարցերուն հետ:
Եւ վերջապէս, նամակի սկիզբը ձեր նշած «խմբագրապետ»ը ճիշդ չենք նկատեր: Վաչէ Բրուտեանը պարզապէս «Ասպարէզ»ի խմբագիրն է: Խմբագրապետ էր, օրինակ, Շաւարշ Նարդունին: