11 Սեպտեմբերին, Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ այդ երկրին մօտ Արժանթինի դեսպան Մարիանխելես Պելլուշի: Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան՝ դիւանագէտին բողոքագիր մը յանձնուեցաւ Արժանթինի նախագահ Ալպերթօ Ֆերնանտեզի՝ Արցախին վերաբերող յայտարարութեան գծով:
«Այնպիսի ժամանակ, երբ Արեւելեան Եւրոպան պատերազմի մէջ է, կան այլ դաժան հակամարտութիւններ, որոնք նուազ հանրային ուշադրութիւն կը գրաւեն, բայց նոյնքան ցաւոտ են: Օրինակ՝ Ատրպէյճանի կողմէ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը, որ մարդասիրական ճգնաժամի պատճառ կը դառնայ», 9 Սեպտեմբերին Նիու Տելիի մէջ՝ «G 20» խմբակի անդամ երկիրներու նախագահներու հաւաքին յայտարարեց նախագահ Ֆերնանտեզ:
Պաշտօնական Պաքու Արժանթինի դեսպանը յորդորեց «ձեռնպահ մնալ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան դէմ յայտարարութիւններէ»: