
ԱՒՕ ՊՕՂՈՍԵԱՆ
Հայութիւնը, մասնաւորաբար հայրենի մեր ժողովուրդը, ընտելացած է տեղեկատուութեան եւ ապատեղեկատուութեան ամէնօրեայ տարափին եւ անոնց թողած հոգեբանական յայտնի կամ ցարդ անյայտ ազդեցութիւններուն։
Կ՛արժէ քննարկել արձագանգը անոնցմէ յատկապէս նորագոյն երկու զգայացունց լուրերուն, որոնցմէ առաջինը առընչութիւն ունի հայ-ամերիկեան միացեալ զօրավարժութիւններուն, որ տեղի կ՛ունենան Հայաստանի մէջ 11-20 Սեպտեմբեր, իսկ երկրորդը՝ վարչապետի տիկնոջ՝ Աննա Յակոբեանի Քիեւ այցելութիւնը եւ Ուքրանիա տարած թէկուզ խորհրդանշական օգնութեան:
Այս զոյգ որոշումները թէեւ իրենց չափերով սահմանափակ են, (ընդամէնը ամերիկացի 86 զինուորներու մասնակցութեամբ), իսկ Ուքրանիոյ նուիրուած օգնութիւնը մանուկներու համար խաղալիքներ են, այսուամենայնիւ, աննախընթաց քաղաքական համարձակութեան դրսեւորում են հայկական պետութեան կողմէ՝ ընդդէմ տարածաշրջանի աւանդական գերպետութեան՝ Ռուսիոյ կամքին, որ Կովկասը աւելի քան 200 տարիներէ ի վեր կը նկատէ իր բացարձակ տիրոյթը եւ 1991էն ի վեր իր ազդեցութեան գօտիին մէջ՝ անսակարկելի տարածք, մանաւանդ, երբ անոնք տեղի կ՛ունենան Հայաստանի եւ Ռուսիոյ միջեւ յարաբերութիւններու խիստ եւ աննախընթաց լարուածութեան պահուն:
Այս իրադարձութիւնները հայրենի ժողովուրդին կողմէ անտարբերութեամբ պիտի չընկալուէին: Արդարօրէն անոնք բնակչութեան վախ պիտի պատճառէին: Չէ՞ որ բոլորը գիտեն, թէ Ռուսիոյ համար Հայաստան «կայսրութեան» հարաւային դարպասը եղած է 200 տարիներէ ի վեր եւ դէպի տաք ջուրեր յառաջամաս տարածքը: Հետեւաբար, այսպիսի ինքնիշխանութեան դրսեւորում եւ ազատ կամքի արտայայտութիւն խստօրէն ենթակայ պիտի ըլլայ պատժուելու, ինչպէս արդէն տեսած ենք 2008ին, երբ Վրաստանի նոյնանման կամքի դրսեւորում մը պատճառ դարձաւ ռուսական բանակի բիրտ հակադարձութեան եւ Վրաստան ներխուժման, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ ինքնավար մարզերուն՝ Վրաստանէն ուժով խլումին: Նոյնը պատահեցաւ Ուքրանիոյ արեւմտեան կողմնորոշման փափաքին պատճառով Ռուսիոյ կողմէ անոր դէմ լայնածաւալ պատերազմին եւ Խրիմի թերակղզիի Ռուսիոյ կցման եւ մինչեւ այսօր շարունակուող աւերիչ պատերազմին: Նոյն այս զանգուածը գիտէ նաեւ, թէ մեր պետութիւնը Ռուսիոյ կամքին հակառակ գործելու ոչ մէկ հնարաւորութիւն ունի, նկատի ունենալով՝ որ.
1. Ռուսական բանակը ֆիզիքապէս երկիրին մէջ կը գտնուի: Անոնց զօրամիաւորումները տեղակայուած են Հայաստանի արեւմտեան սահմանի ամբողջ երկայնքին:
2. Հայաստանի ինքնիշխանութեան համար կարեւոր տնտեսական բոլոր յենարանները կամ կարեւորագոյնները, անկախութենէն ետք մաս մը թալանուած են իշխանութեան հասած այրերուն կողմէ, իսկ մնացեալը «գոյք պարտքի դիմաց» գործարքով յանձնուած են Ռուսիոյ: Այդպէս, կախեալ ենք Ռուսիոյ կամքէն՝ ելեկտրական հոսանք, կազ, ցորեն եւ ելեւմուտք ունենալու համար: Լարսի ճանապարհի փակումով, Հայաստան կ՛անդամալուծուի, իսկ Իրանի հետ սահմանի բանալին նոյնպէս կը գտնուի Ռուսիոյ ձեռքը:
3. Ռազմական սպառազինութեան համար բացառապէս կախեալ ենք Ռուսիոյ իշխանութիւններու քմահաճոյքէն:
4. Ռուսիոյ տարածքին ունինք Հայաստանի բնակչութենէն աւելի հայութիւն, որ որեւէ պահու կրնայ օգտագործուիլ իբրեւ զէնք Հայաստանի պետութեան դէմ, զանազան քաղաքական որոշումներու պատճառով:
5. Հայաստան աշխարհագրականօրէն կը գտնուի թշնամական երկու երկիրներու միջեւ՝ մեկուսացած եւ ծովային ելքերէ հեռու, զուրկ բնական հարստութիւններէ:
Մեր քաղաքական ծիրին մէջ, նոյն մտածելակերպը եւ վախը ունին նաեւ խորհրդարանական ընդդիմութիւնը, զայն բաղկացնող ուժերէն նախկին նախագահներուն սեփական պատասխանատուութեամբ եւ անոր հետ դաշնակցած քաղաքական կուսակցութիւններու, երկիրի տնտեսական յենարաններուն՝ Ռուսիոյ յանձնումին պատճառով:
Ժողովուրդի ենթագիտակցութեան մէջ կայ նաեւ ուրիշ տիրապետող համոզում մը, որ հետզհետէ աւելի ցայտուն կը դառնայ: Անիկա կը հասկնայ, որ ռուսական կամքինենթարկուելով, ազգին վիճակը ոչ մէկ բարեփոխում պիտի ապրի, իսկ ապագան մռայլ է, որովհետեւ հասկցած է թէ.
Ա. Ռուսիոյ համար Հայաստանի տարածքէն մասեր եւ նոյնիսկ ամբողջութիւնը սակարկելի են Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի հետ անոր գործակցութեան ընթացքին:
Բ. Ռուսիա Հայաստանի սիրոյն ոչ մէկ կերպ կը զոհէ իր սեփական շահերը, որոնցմէ են՝ Թուրքիոյ հետ S-400 հրթիռներու համակարգի վաճառքը, արդէն կառուցուած Akkuyu-ի ատոմակայանի կառավարումը, Ռուսիայէն Թուրքիա երկարող զոյգ կազամուղներուն՝ Turk Stream եւ Blue Stream, անխափան գործունէութիւնը, երկու երկիրներուն միջեւ տարեկան բազմամիլիառ տոլար արժող ապրանքներու շրջանառութիւնը, Վոսփորի նեղուցով դէպի ծովեր անարգել անցքը, զբօսաշրջութիւնը եւ բազմաթիւ տնտեսական ու աշխարհաքաղաքական այլ գործօններ:
Գ. Ռուսիա նոյնպէս Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող Ատրպէյճանի կամքին դէմ երթալու ներուժ չունի, որովհետեւ իր դէմ գոյութիւն ունեցող արեւմտեան տնտեսական պատժամիջոցները շրջանցելու համար Ատրպէյճանի կազամուղներուն կարիքը ունի, որոնց միջոցով իր կազային հոսքը մինչեւ այսօր կը շարունակէ Թուրքիոյ տարածքով փոխադրել Եւրոպական շուկայ:
Դ. Ռուսիա ոչ մէկ պարագայի պիտի թոյլատրէ հարաւ-հիւսիս մայրուղիին վրայ իր վերահսկողութեան եւ ֆիզիքական ներկայութեան բացակայութիւնը եւ պիտի նախընտրէ անոր ատրպէյճանական տարածքով անցումը, Հայաստան միշտ թոյլ եւ Ռուսիայէն կախեալ պահելու, նոյն ժամանակ Իրանի ալ ազատ քաղաքականութիւն վարելու իրաւունքը անուղղակիօրէն խոչընդոտելու համար:
Ե. Բոլոր հաւկիթները մէկ կողովի մէջ դնելով եւ բազմակողմանի ու այլընտրանքային քաղաքականութիւն վարելու արգելքին պատճառով, երկիրը յաւիտեան պիտի մնայ յետամնաց եւ տնտեսապէս աղքատ:
Զ. Վերջապէս՝ Ռուսիա թուլացած երկիր է եւ ռուս-ուքրանական պատերազմի ելքը տակաւին յայտնի չէ: Արեւմտեան երկիրները այսքան նիւթական ծախսերէ ետք, պիտի չնահանջեն եւ պիտի շարունակեն Ուքրանիոյ թիկունք կանգնիլ, որ աւելի պիտի հիւծէ Ռուսիոյ կարողականութիւնը: Վերջապէս, այս հիւծումը կրնայ դուռ բանալ կեդրոնական Ասիոյ եւ Կովկասի զանազան ժողովուրդներու կեդրոնախոյս քաղաքականութեան եւ Ռուսիոյ դէմ ըմբոստացումներուն:
Այդպիսի իրավիճակներու զարգացման պարագային, Ռուսիա երբ ստիպուած ըլլայ Կովկասէն նահանջելու, մենք անպատրաստ վիճակի մէջ պիտի յայտնուինք թրքական զոյգ պետութիւններուն աքցանին մէջ, առանց որեւէ դաշնակիցի օգնութեան:
Այս յոռետեսական սակայն խիստ իրապաշտ իրավիճակներուն հաւանականութիւններուն ի տես, ներկայ իշխանութիւնները կը փորձեն ոչ-կտրուկ, սակայն, հետզհետէ այլընտրանքային քաղաքականութիւն վարել եւ դանդաղօրէն հեռանալ Ռուսիոյ քաղաքական ծիրէն:
Վերջապէս ո՞վ պիտի չուզեր հետեւիլ օրինակին Պալթեան երկիրներուն, ուր 1991ի անկախութենէն մինչեւ այսօր, բոլոր բնագաւառներուն մէջ հսկայական զարգացում ապրեցան, սովետական երկիրներու յետամնաց վիճակէն վերածուելով ժողովրդավար երկիրներու, արեւմտեան ազդեցութեամբ եւ աջակցութեամբ ձեռք բերելով զարգացած տնտեսութիւն, կատարելագործուած ենթակառոյցներ, արդիական եւ յառաջացած կրթական համակարգ եւ յուսալի ապահովութիւն:
Կ՛արժէ՞ արդեօք այսպիսի քաղաքական արկածախնդրութեան դիմել. պատմութիւնը այդ ցոյց պիտի տայ: Կայ այն տպաւորութիւնը, որ ժողովուրդը, կարծես, հակուած է ընդառաջելու այդ արկածախնդրութեան՝ գիտնալով, որ անոր դրական ելքին մէկ տոկոսի հաւանականութիւնը նախընտրելի է, քան անձնատուութեան հարիւր տոկոսանոց հետեւանքները: