Համազգայինի հիմնադրութեան 95ամեակը Այնճարի մէջ նշուեցաւ 2 Սեպտեմբերին, հարուստ եւ ոգեւորիչ յայտագիրով մը, ինչպէս նաեւ` խորիմաստ եւ թելադրական խօսքերով:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի նախագահութեամբ, որ իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Համազգայինին տարածած համասփիւռքեան մշակութային եւ կրթական գործունէութեան կարեւորութեան:
Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան խօսքը պարտասանեց Նայիրա Ադամեան` կարեւոր նկատելով մշակութային հետեւողական աշխատանքը, ան նաեւ յաջողութիւն մաղթեց «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Օրուան պատգամախօսն էր Շաղիկ Գանտահարեան-Խիւտավերտեան, որ նախ անդրադառնալով իր անհատական կազմաւորումին մէջ Համազգայինի ներգործած բազմաբովանդակ ազդեցութեան` շեշտեց անոր կարեւորութիւնը հայկական միջավայրի մէջ, մանաւանդ` Սփիւռքի տարածքին: Ան Համազգայինի հիմնադրման եւ բազմաբեղուն գործունէութեան պատմական հակիրճ ակնարկը կատարելէ ետք, կարեւոր նկատեց այս իւրայատուկ միութեան յարատեւ եւ հետեւողական գործունէութիւնը եւ աշխատանքները:




Յաջորդ խօսք առնողը եղաւ Համազգայինի «Վահէ Սէթեան» տպարանի տնօրէն, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Յակոբ Հաւաթեան: Ան իր խօսքը սկսաւ` յիշելով «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղ մուտքը եւ նահատակ Զաւէն Թաշճեանի յորդորը, որ կոչ մը եղած էր իրեն` մտնելու Համազգայինի յարկին տակ եւ աւելի քան երեսուն տարի շարունակելու ըլլալ Համազգայինի ծառայ եւ սպասաւոր: Անդրադառնալով Համազգայինի հիմնադիր սերունդին ցուցաբերած հեռատես եւ ազգօգուտ նախաձեռնութիւններուն` ան շեշտեց. «Համազգայինը մեծերու միութիւն է»:
Աւարտին խօսք առաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Զաքար Քէշիշեան, որ խօսեցաւ Համազգայինի առաքելութեան մասին եւ շեշտեց, որ հակառակ 95 տարիներուն` միութիւնը կը մնայ նոյնը, բայց` նոյնքան ուժական: Ան լուսարձակի տակ առնելով Արցախի անկախութեան տօնը, որ կը զուգադիպէր ձեռնարկի օրուան, միաժամանակ ներկայացուց Արցախի ճգնաժամային կացութիւնը` ներկաները հրաւիրելով հանդիսութեան աւարտին ազատութեան եւ պայքարի ոգիով հնչեցնելու Արցախի քայլերգը:
Տօնակատարութիւնը յագեցած էր գեղարուեստական յայտագիրով մը. վերակազմուած «Կաքաւիկ» մանկապատանեկան երգչախումբը, Նեկտար Թիւմպէրեան-Փալազեանի խմբավարութեամբ, ելոյթ ունեցաւ փունջ մը երգերով, Համազգայինի նուագախումբը իր մասնակցութիւնը բերաւ` Եսայի Սգայեանի ղեկավարութեամբ, պարուսոյց մանկավարժ Լալէ Անտոնեան հմայեց ներկաները նազպարով մը, ապա հանդէս եկաւ Կրէյս Գալուստեան` Պարոյր Սեւակի «Դիմակահանդէս» քերթուածով:
Հանդիսութեան աւարտին Պեքայի հոգեւոր տեսուչ Անանիա Ծ. վրդ. Գուճանեան իր սրտի խօսքը արտասանեց:
Համազգայինի 95ամեակի հանդիսութիւնը աւարտեցաւ Արցախի քայլերգով: