Միջ-եկեղեցական յարաբերութեան ծիրէն ներս, Արեւմտեան թեմը իր կանոնաւոր հանդիպումները կ’ունենայ Եպիսկոպոսական եկեղեցւոյ հետ:
Երկուշաբթի, Յուլիս 16ի առաւօտեան ժամը 10:30ին, Առաջնորդարանի «Արմէն եւ Կլորիա Համբար» (Պըրպէնք) դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ հերթական հանդիպում-ժողով մը: Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան քաղաքէն դուրս ըլլալով, զինք ներկայացուց առաջնորդական ընդհանուր փոխանորդ Տաճատ Ծ. վրդ. Եարտըմեան: Առաջնորդարանի կողմէ ներկայ գտնուեցան նաեւ Թեմական խորհուրդի ատենադպրուհի Լիլի Ռինկ Պալեան, Էտրիըն Գրիգորեան եւ Արաքսի Պոյամեան: Ճան Պրունօ եպիսկոպոս կը գլխաւորէր իր յանձնախումբը:
Օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր թեմի հաստատման 80ամեակի առթիւ Պրունօ եպիսկոպոսին կազմակերպած յատուկ արարողութիւնը, որ տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 15ի երեկոյեան: Ժողովի աւարտին ներկաները հիւրասիրուեցան ճաշով: