25 Սեպտեմբերին, Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Նախիջեւանէն յայտարարեց, որ «վերջին յաղթանակը տարածաշրջանին մէջ իրավիճակի համապարփակ բնականոնացման նոր պատուհան բացաւ, եւ այդ մէկը պէտք է գնահատել»:
«Կ՛ակնկալենք, որ Հայաստան պիտի պատասխանէ խաղաղութեան մեկնած ձեռքին եւ անկեղծ քայլերու պիտի ձեռնարկէ: Ես, ինչպէս միշտ նշած եմ՝ ուր կայ խաղաղութիւն, հոն պարտուածներ չկան», ըսաւ Էրտողան՝ աւելցնելով, թէ տարածաշրջանի խաղաղութիւնը, կայունութիւնը եւ բարգաւաճումը «մեր պարտքն է մեր ժողովուրդներուն նկատմամբ»:
«Մենք լի ենք վճռականութեամբ կատարելու այդ պարտքը, մենք անկեղծ ենք: Կը փափաքինք, որ հակառակ կողմը եւս այդպիսի անկեղծութիւն ցուցաբերէ», ըսաւ ան՝ Նախիջեւանի մէջ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հանդիպումին ընթացքին: