Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ «Զանգեզուրի միջանցք»ի իրականացումը ռազմավարական հարց է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի համար՝ շեշտելով, թէ անոր կառուցումը պէտք է աւարտին հասցուի: «Երբ այս միջանցքը բացուի, Պաքուէն մեկնող ինքնաշարժը կամ գնացքը պիտի կարենայ անմիջապէս Կարս հասնիլ: Թուրք-ատրպէյճանական եղբայրութիւնը շատ աւելի պիտի ուժեղանայ: Հաճելի է այս հարցին մէջ Իրանի կողմէ դրական ազդակներ տեսնել», ըստ «Անատոլու» գործակալութեան՝ ըսաւ Էրտողան:
Իսկ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»ը աւելցուց, որ, ըստ Էրտողանի, եթէ Հայաստան աշխատանք չտանի միջանցքի բացման ուղղութեամբ, անիկա պիտի անցնի Իրանի տարածքով:
«Իրան ներկայիս դրական կը մօտենայ այս հարցին, եւ որովհետեւ դրական է, այժմ կարելի պիտի ըլլայ Իրանէն անցում կատարել դէպի Ատրպէյճան», նշեց Էրտողան։
«Անատոլու» գործակալութիւնը նաեւ տեղեկացուց, որ Էրտողան Նախիջեւանէն վերադարձին յայտնեց, թէ ի՛նչ խօսած է Հայաստանի վարչապետին հետ 11 Սեպտեմբերին ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին։
Էրտողան յայտարարեց Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւններուն մէջ յառաջընթացի անհրաժեշտութեան մասին՝ դիտել տալով, որ չկայ անլուծելի հարց, եթէ յարգուին Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը եւ ինքնիշխանութիւնը:
«Ատրպէյճան-Հայաստան գործընթացին մէջ յառաջընթացը մեծ խթան պիտի հաղորդէ տարածաշրջանային հարցերու կարգաւորման: Մենք պիտի շարունակենք աշխատիլ Ատրպէյճանի հետ Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն, խաղաղութիւն եւ բարգաւաճում հաստատելու համար», ըսաւ ան։