Հռոմի կաթողիկէ եւ հայ եկեղեցիներու «Աստուածային Շնորհաց Հայոց Առաքեալ» Ս. Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850րդ տարելիցի նուիրուած համատեղ ձեռնարկները տեղի պիտի ունենան Հռոմի մէջ, 30 Նոյեմբերէն 2 Դեկտեմբեր:
2023ին կը լրանայ համաշխարհային քրիստոնէութեան պատմութեան մէջ քիչ յայտնի, սակայն ազդեցիկ գործիչին, Հայ առաքելական եկեղեցւոյ սուրբ` Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850րդ տարելիցը (1102-1173):
Քրիստոնէական երաժշտութեան եւ գրականութեան մէջ գերազանց եւ Արեւելքի քրիստոնէութեան յառաջատար աստուածաբան Շներհալին նաեւ քրիստոնէական եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւններու մէջ դեր ունեցած գործիչ էր:
Անոր մարդասիրական, խաղաղասէր մօտեցումը իր ժամանակի հակասութիւններուն նկատմամբ արդիւնաւէտ դիւանագիտութեան օրինակ է, եւ կենսական դասեր կը պարունակէ այսօրուան կրօնական եւ ազգային հակամարտութիւններուն համար:
Քրիստոնէական պատմութեան մէջ Շնորհալիի ունեցած մեծ աւանդին համար Վատիկանի Ս. աթոռի կազմակերպած ձեռնարկներն են.
– Միջազգային գիտաժողով (30 Նոյեմբերէն 1 Դեկտեմբեր) հեղինակաւոր Պապական արեւելագիտութեան հիմնարկին մէջ, որ պիտի համախմբէ տարբեր ծագում ունեցող յառաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ: Քննարկումները Շնորհալիի ձգած բազմաշերտ ժառանգութեան մասին են:
– Շնորհալիի շարականներու եւ երաժշտութեան երկու համերգներ. հանրային ձեռնարկ Սանթա Մարիա Մաճորէ տաճարին մէջ (1 Դեկտեմբեր) եւ փակ ձեռնարկ Սիքստին մատրան մէջ (2 Դեկտեմբեր), որոնք համաշխարհային լսարանին պիտի ներկայացնեն Շնորհալիի հոգեւոր երաժշտութեան ժառանգութիւնը:
– Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ (2 Դեկտեմբեր) տեղի պիտի ունենայ միջեկեղեցական աղօթք՝ Շնորհալիի կրօնական միասնութեան կոչով, հանդիսապետութեամբ Ֆրանսիս պապին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին եւ Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. պատրիարքին, որոնք պիտի միանան Շնորհալիի կրօնական միասնութեան ոգիով:
Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութիւնը, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց պատրիարքութիւնը բոլոր այս ձեռնարկները կ՛իրականացնեն Սուրբ Պետրոսի առաքելական աթոռին հետ, գործակցաբար՝ Ս. Աթոռի Քրիստոնէական միութեան խթանման եւ Արեւելեան եկեղեցիներու բաժանմունքներուն։
Ամբողջ աշխարհէն կը կազմակերպուին ուղեւորութիւններ դէպի Հռոմ` մեծ սուրբը մեծարելու եւ անոր տեսլականը աշխարհի ուշադրութեան ներկայացնելու համար:
Շնորհալիի մահուան 850րդ տարելիցը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕի 2023ի հռչակաւոր մարդոց եւ կարեւոր իրադարձութիւններու յոբելեաններու օրացոյցին մէջ:
Մանրամասնութիւններ ձեռնարկներու, առցանց տոմսերու, ճանապարհորդութիւններու կազմակերպման եւ Ս. Ներսէս Շնորհալիի մասին տեղեկութիւններ կրնաք գտնել www.StNerses850.com կայքին վրայ:
(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)