Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութեան ղեկավար Սամանթա Փաուըր Հայաստան տուած իր այցելութեան ընթացքին շեշտեց, որ Արցախի մէջ պէտք է միջազգային ներկայութիւն ըլլայ` գնահատելու, թէ արդեօք Ատրպէյճան կը կատարէ՞ իր յանձնառութիւնները:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք Ատրպէյճանին՝ պահպանելու զինադադարը եւ յստակ քայլերու ձեռնարկելու, որպէսզի պաշտպանէ քաղաքացիներու իրաւունքները Արցախի մէջ: Նախագահ Ալիեւ խոստացած է երաշխաւորել բնիկ հայերուն իրաւունքները. Ատրպէյճան պէտք է կատարէ այդ խոստումը», ըսաւ Փաուըր:
Ան շեշտեց, որ աշխարհը պէտք է կարենայ ստուգել եւ համոզուիլ, որ Ատրպէյճան իր խոստումը կը գործադրէ: «Բոլոր կողմերը պէտք է թոյլ տան, որ միջազգային մարդասիրական ներկայութիւն եւ գնահատանք կատարուի, որ տեսնեն, թէ արդեօք Ատրպէյճան կը կատարէ՞ իր յանձնառութիւնները, եւ այդ կառոյցները հաշուետուութիւն ներկայացնեն միջազգային հանրութեան»:
Փաուըր շեշտեց, որ Ատրպէյճան պէտք է բոլորովին եւ մնայուն բանայ Լաչինի միջանցքը ամէն տեսակի փոխադրութեան համար: Իսկ Արցախի բնակիչները պաշտպանելու վերաբերեալ խոստումները սին պիտի ըլլան, մինչեւ այն ատեն, երբ քաղաքացիներ չեն կրնար ազատ երթալ եւ գալ, երբ դեղորայքի եւ ուտելիքի պաշարները հասանելի չեն բնակավայրերուն: «Եւ այնպիսի կազմակերպութիւններ, ինչպէս՝ Միացեալ Նահանգներու Միջազգային զարգացման գործակալութիւնը, պէտք է մուտք ունենան, որ առաջին անհրաժեշտութեան մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերեն», շեշտեց Փաուըր:
Փաուըրի տեսակէտը վերահաստատեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիւ Միլըր, որ մտահոգութիւն յայտնելով տիրող կացութեան գծով՝ ըսաւ. «Մենք կը հաւատանք, որ պէտք է ըլլայ միջազգային առաքելութիւն, որ պիտի ապահովէ թափանցիկութիւն եւ երաշխաւորէ Լեռնային Ղարաբաղի բնակիչներուն իրաւունքները եւ ապահովութիւնը` Ատրպէյճանի հրապարակային յայտարարութիւններուն համահունչ»։ Ան աւելցուց, որ Ռուսիա ցոյց տուաւ, թէ ապահովութեան գործընկեր չէ, որուն վրայ կարելի է յոյս դնել:
Միլըր վերահաստատեց, որ խաղաղութեան պայմանագիրը հասանելի է, եթէ երկու կողմերն ալ պատրաստ ըլլան բարդ փոխզիջումներու:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով մեկնաբանեց Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան գաղափարը` Արցախի մէջ ստեղծուած իրավիճակի լոյսին տակ դիտորդական առաքելութիւն հաստատելու։ Այս մասին կը գրէ «Թասս»ը:
Փեսքով հաստատեց, որ Քրեմլին այս գաղափարը ճիշդ չի նկատեր։ «Ո՛չ, մենք այստեղ դեռ որեւէ յստակութիւն չենք տեսներ, իսկ որեւէ առաքելութիւն կրնայ ներկայ ըլլալ միայն Ատրպէյճանի համաձայնութեամբ», ըսաւ Փեսքով՝ աւելցնելով, որ ռուս խաղաղապահները մտադիր են շարունակելու աջակցիլ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման` իրենց գործող յանձնառութեան համաձայն։