ՍԻԼՎԻ ԱԲԷԼԵԱՆ
Արցախի զօրակցութեան բողոքի ցոյցով, Թորոնթոյի հայութիւնը վերահաստատեց պայքարը շարունակելու իր վճռակամութիւնը:
Կիրակի, 24 Սեպտեմբերի յետմիջօրէին, Տանտասի կեդրոնական հրապարակը ողողուեցաւ թորոնթոցի հայերով: Ներկայ էին մանուկը եւ պատանին, երիտասարդը եւ տարեցը: Հայրենիքի կանչն էր դարձեալ, եւ այս անգամ՝ Արցախի գոյութեան սպառնացող վտանգը:
Քայլերթի մեկնարկի առաջին ելոյթը ունեցաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական միութեան ներկայացուցիչ Սարգիս Գլըպոզեան: Ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ աշխարհի ղեկավարները տուեալ պահուն տեղեակ են, թէ արցախահայութիւնը բռնագրաւման կ՛ենթարկուի, եւ Ատրպէյճեան ցեղասպանութիւն կ՛իրագործէ: Ան հաստատեց, որ կացութիւնը Արցախի մէջ լոկ մարդասիրական հարց կամ ճգնաժամ չէ, այլ աւելին՝ համաշխարհային տարողութեամբ հարց:
Աւարտին, իր խօսքը ուղղելով Գանատայի լրատուական գործակալութիւններուն՝ ան ըսաւ. «Այսօր այստեղ հաւաքուած ենք արդարութիւն պահանջելու: Այսօր այս հրապարակէն կը պահանջենք գանատական լրատուական գործակալութիւններէն, որ դադրեցնեն իրենց կոչած «հաւասառակշուած տեսանիւթ» քաղաքականութիւնը. իրականութեան մէջ չկայ հաւասարակշռուած նիւթ, այլ կան բռնութիւն գործադրողներ, կան անարդարութիւններ, որոնք պէտք է լուսարձակի տակ առնուին»:
Երթին մասնակցողները միահամուռ շարքերով ուղուեցան դէպի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը: Երիտասարդները եւ պատանիները պաստառներով ու դրօշներով առաջնորդեցին քայլերթը: Ուշագրաւ էր նաեւ այն իրողութիւնը, որ խօսուն պաստառները եւ բարձրաձայն հնչած կարգախօսներն ու լոզունգները ուշադրութեան կեդրոն դարձան նաեւ բազմաթիւ օտար անցորդներու, որոնց զգալի մասը հետաքրքութեամբ հետեւեաւ ցոյցին:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան շէնքին դիմաց խօսք առաւ Գառնի Թաթիկեան: Ան, լուսարձակի տակ առնելէ ետք Հայաստանի եւ Արցախի մէջ տիրող կացութիւնը՝ մատնանշեց այն կարեւոր դերը, զոր Միացեալ Նահանգները կրնար խաղալ՝ ի խնդիր արդարութեան հաստատման:
Թորոնթոյի հայութեան բողոքի քայլերթի վերջին հանգրուանը «Նաթան Ֆիլիփս» կեդրոնական հրապարակն էր, ուր երիտասարդականին անունով խօսք առաւ Ժան Չաթալեան: Ան ըսաւ, որ միջազգային հանրութիւնը պէտք է իմանայ, որ Ատրպէյճան երկրորդ ցեղասպանութիւն մը գործադրելու սեմին կը գտնուի եւ համապատասխան քայլերու պէտք է ձեռնարկէ՝ կանխարգիլելու համար որեւէ ոտնձգութիւն Արցախի հայութեան նկատմամբ: «Թոյլ պիտի չտանք, որ պատմութիւնը ինքզինք կրկնէ: Թոյլ պիտի չտանք, որ Արցախի հայերը տանջանքի մատնուին: Պէտք է ամէն ճիգ ի գործ դնել՝ ապահովելու Արցախի հայերուն գոյութիւնը եւ արագ քայելով արդարութիւնը հաստատուի», ըսաւ ան՝ եւ իր խօսքը աւարտելով՝ յայտնեց. «Միասնաբար պիտի փրկենք Արցախը եւ արցախցին»:
Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Վահան Աճէմեան: Ան նախ ընդգծեց հայ ժողովուրդի կրած պատմական վայրագութիւնները, մասնաւորապէս Թուրքիոյ կողմէ իրագործուած Հայոց Ցեղասպանութիւնը, ապա դիտել տուաւ, թէ ինչպէս դար մը ետք նոյն ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի: «Բայց այս անգամ հաստատօրէն պիտի չսպասենք 100 տարի, մենք այսօր հարցը լուծուած տեսնել կ՛ուզենք», ըսաւ ան՝ ներկաներուն ուշադրութեան յանձնելով այն փաստացի իրականութիւնը, թէ միջազգային ճգնաժամերուն Գանատա ճանչցուած է օգնութեան ձեռք երկարող, ինչպէս, վերջին օրինակով, անոր օժանդակութիւնը Ուքրանիոյ, ապա հարցադրեց, թէ ինչո՛ւ յար ու նման քայլեր չձեռնարկուեցան հայ ժողովուրդին նակատմամբ, այսօր նաեւ չեն ձեռնարկուիր Արցախի հայութեան ի նպաստ: Ան հարցականի տակ դրաւ, թէ ինչո՛ւ հայկական իրողութիւնը շատ աւելի քիչ գնահատուած է, քան այլոց: Ան կոչ ուղղեց, որ շուտով Գանատա շօշափելի աջակցութիւն ցուցաբերէ արցախահայութեան, ապա աւելցուց, որ պէտք է միջազգային գետնի վրայ քայլեր ձեռնարկել, Արցախի իրավիճակը կայուն դարձնելու, եւ Արցախի ժողովուրդին գոյութիւնը ապահովելու:
Աճէմեան իր խօսքի աւարտին շեշտեց կարեւորութիւնը ժողովրդավարական արժէքներու պաշտպանութեան եւ ցեղասպանութեան դէմ ոտքի կանգնելու կարեւորութեան եւ կոչ ուղղեց Գանատայի ղեկավարութեան՝ անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու Արցախի ճգնաժամը լուծելու համար: Վերջապէս իր խօսքը ուղղելով Թորոնթոյի հայերուն՝ ան ըսաւ. «Սիրելի՛ հայ ժողովուրդ, բնաւ մի՛ յուսահատիր: Մեր հայրենիքը մեզի պէտք ունի: Ձեր զաւակները հայ մեծցուցէք. պայքարը կը շարունակուի»:
Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Խաժակ Գուլաճեան: Ան նշեց, որ հայութիւնը միայն միասնակամութեամբ է, որ պիտի փրկէ հայրենիքը իր ներքին եւ արտաքին թշնամիներէն: «Չկայ գանատահայ, չկայ արեւելահայ, արեւմտահայ կամ սփիւռքահայ, կայ հայու մէկ տեսակ, կայ հայ, ըսաւ ան, ապա մէջբերեց Չարենցի խօսքը. «Ո՜վ հայ ժողովուրդ, քո միակ փրկութիւնը քո հաւաքական ուժի մէջ է» :
Գուլաճեան դիտել տուաւ, որ ըսուածը բացարձակ ճշմարտութիւն է: «Բողոքի այս ցոյցով մեր պարատականութիւնը չէ աւարտած: Մենք աշխատանք ունինք կատարելիք: Իւրաքանչիւրս իր կարելին պէտք է ընէ, որ անյապաղ մեր խօսքը եւ պահանջները հասնին ու դրուին քաղաքական պաշտօնատարներու սեղաններուն վրայ, որպէսզի մարդասիրական խորհրդանիշ նկատուած այս երկիրը, հայութեան եւ յատկապէս Արցախին ալ իր օգնութեան ձեռքը երկարէ», ըսաւ ան եւ իր խօսքը փակեց՝ ըսելով. «Միասնաբար կը յաղթահարենք, հաւատացէ՛ք»:
Տաթեւ Ա. քհնյ. Միքայէլեան կոչ ուղղեց՝ չընկրկելու եւ շարուանկելու պայքարը, ապա աղօթքով աւարտեց իր պատգամը:
Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներու երգեցողութեամբ իր աւարտին հասաւ Թորոնթոյի հայերուն քայլերթը: