Հակառակ պաշտօնական Մոսկուայի անթաքոյց դժգոհութեան եւ զգուշացումներուն, Հայաստանի Ազգային ժողովի պետաիրաւական յանձնաժողովը 28 Սեպտեմբերին Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացմանդրական եզրակացութիւն տուաւ՝ Հայաստանի կառավարութեան ներկայացուցած նախագիծին:
Միջազգային համաձայնագիրը ընդգրկուեցաւ Ազգային ժողովի լիագումար նիստին: Ընդդիմադիր երկու խմբակցութիւնները քննարկման չմասնակցեցան:
Նախագիծը ներկայացնելով՝ Միջազգային իրաւական հարցերով Հայաստանի ներկայացուցիչ Եղիշէ Կիրակոսեան շեշտեց, որ Միջազգային քրէական դատարանի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու իրական պատճառը Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու համար լրացուցիչ միջազգային իրաւական գործիքակազմ ունենալն է: Անոր միանալը, ըստ Կիրակոսեանի, նաեւ կանխարգելիչ ազդեցութիւն պիտի ունենայ: Արցախցիներու բռնի տեղահանման հարցը եւս, ըստ կառավարութեան ներկայացուցիչին, Հայաստանի դիմումով, Միջազգային քրէական դատարանը կրնայ քննել։ «Խօսքը գնում է այս դէպքում մարդկայնութեան դէմ ուղղուած յանցագործութեան տարատեսակի մասին, այսինքն՝ բռնի տեղահանում կամ զանգուածային տեղահանումներ, որը կանոնադրութեամբ նախատեսուած յանցատեսակ է, յանցագործութեան տեսակ է, եւ կայ նաեւ նմանատիպ նախադէպ՝ Միջազգային քրէական դատարանի կողմից իրաւազօրութիւնը ճանաչելու», ըսաւ ան:
Հայաստան Հռոմի կանոնադրութիւնը ստորագրեց 1998ին, բայց ցարդ չէ վաւերացուցած:
Ան դիտել տուաւ, որ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելէ ետք, եթէ Ռուսիոյ նախագահը Հայաստան այցելէ, զայն ձերբակալելու վտանգ չկայ: «Նախ՝ պետութիւնների գործող ղեկավարներն իմունիտետ (անձերնմխելիութիւն) ունեն, երկրորդ՝ այդ մտահոգութիւնները ցրելու համար Երեւանը նաեւ Մոսկուային ամիսներ առաջ առաջարկներ է ուղարկել», յայտնեց Կիրակոսեան:
Ըստ անոր՝ ասիկա կ՛ենթադրէ նաեւ Հայաստան-Ռուսիա երկկողմ համաձայնագիրի կնքում, «որը կարող է նախատեսել որոշակի կարգաւորումներ, պարտաւորութիւններ երկկողմ մակարդակով, որը կարող է նաեւ այս հաւանական խնդիրը շատ, կարծում եմ, ճիշդ իրաւական հունով լուծել, կամ այս մտահոգութիւնը հանգուցալուծել»:
Կիրակոսեան ըսաւ, որ Ապրիլին ուղարկուած առաջարկին Մոսկուա չէ արձագանգած, բայց չյստակացուց, որ արդեօք Մոսկուայէն պարզաբանա՞ծ են, թէ ի՛նչ է ուշացումին պատճառը: Եթէ Փութինը ձերբակալելու վտանգ չկայ, ինչո՞ւ Մոսկուա այդքան սուր կ՛արձագանգէ Երեւանի որոշման. Կիրակոսեան ըսաւ, որ չի գիտեր։ «Բայց, ամէն դէպքում, եթէ նոյնիսկ խնդիր կայ, լուծումներ կան». աւելցուց ան:
Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի ղեկավարած ուժը, իր կարգին, ամիսներ առաջ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու իշխանութիւններուն որոշումը ծայրայեղ քաղաքական կուրութիւն որակեց՝ յղի անկախատեսելի հետեւանքներով:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով հաստատեց, որ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու՝ Հայաստանի որոշումը «ծայրայեղ թշնամական» քայլ է Ռուսիոյ նկատմամբ՝ շեշտելով, որ Վլատիմիր Փութին չի ծրագրեր Հայաստան այցելել:
«Հայաստան լաւ գիտէ, որ մենք (Հռոմի սահմանադրութեան) կողմ չենք, եւ Հայաստան քաջատեղեակ է ուղեղին մէջ դժուար տեղաւորուող այս որոշման մասին: Մենք գիտենք, որ Երեւանի մէջ ասիկա շատ յայտնի է: Ասիկա բան մըն է, զոր մենք չենք ողջուներ», ըսաւ Փեսքով:
Նման յայտարարութիւն տարածեց նաեւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը՝ պնդելով, թէ Հայաստանի կողմէ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացնելու որոշումը ամէնէն բացասական հետեւանքները պիտի ունենայ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ:
«Հայ գործընկերները ի սկզբանէ տեղեակ դարձած են այն դիրքորոշման մասին, որ Հայաստանի կողմէ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը անընդունելի է այն պարագային, երբ այս կառոյցը Ռուսիոյ բարձրագոյն ղեկավարութեան «ձերբակալման հրաման» տուած է», նշեց նախարարութիւնը:
Մոսկուա կը պնդէ, թէ դիտարկուած է երկկողմ համաձայնագիր կնքելու Երեւանի նախաձեռնութիւնը, ռուսական կողմը առաջարկած է փոխզիջումային տարբերակ, որ կրնայ յարմար ըլլալ երկու կողմերուն, սակայն Երեւան զայն նկատի չէ առած, փոխարէնը՝ Հայաստանի մէջ քաղաքական որոշում տրուեցաւ յօգուտ Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացման:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց, որ Հայաստանի իշխանութիւններուն որոշումը «առաւել բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ երկկողմ յարաբերութիւններուն վրայ»:
«Հայաստանի ներկայացուցիչներուն կողմէ յառաջ տարուած այն թէզը, որ իբր թէ Միջազգային քրէական դատարանին միանալը չ՛ազդեր հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն վրայ, իրականութեան չի համապատասխաներ: Նուազագոյնը դժուար է պատկերացնել Ռուսիոյ ղեկավարութեան այցելութիւնը հանրապետութիւն, յատկապէս երբ իշխող կուսակցութեան պատգամաւորները կոչ կ՛ուղղեն՝ ձերբակալելու Վլատիմիր Փութինը՝ Հաաքայի խնդրանքով», բացատրեց նախարարութիւնը:
Միաժամանակ, Մոսկուա յոյս ունի, որ «Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ կ՛ըլլան սթափ մտածող ուժեր, որոնք դէմ կ՛ըլլան հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն համար ակնյայտօրէն թունաւոր որոշմանը»:
Քրեմլինի խօսնակը դարձեալ յայտարարեց, թէ յոյս ունի, որ այս հարցն ալ չի քանդեր հայ-ռուսական յարաբերութիւնները, եւ դարձեալ խօսեցաւ այն մասին, որ խաղաղապահները Արցախի մէջ կ՛օգնեն հայերուն: Ան շեշտեց, թէ Մոսկուա ուշադիր կը հետեւի մարդասիրական հարցերուն եւ կը շարունակէ այս հարցով կապ հաստատել Պաքուի հետ: