3 Հոկտեմբերին, Հայաստան վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը։ Այս քայլին անդրադարձան Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը։
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Վետանթ Փաթել յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն կը յարգէ իրաւունքը Միջազգային քրէական դատարանին միանալու իւրաքանչիւր երկրի, որոնց կարգին՝ Հայաստանի, որ պարտաւորութիւն կը ստանձնէ խթանելու արդարութիւնը, պատասխանատուութիւնը` ցեղասպանութեան, պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու նկատմամբ:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ռուսիա կը սպառնայ Հայաստանին՝ այդ քայլին համար, արդեօք Միացեալ Նահանգները պիտի պաշտպանէ՞ Հայաստանին ռուսական հաւանական յարձակումի մը պարագայի, Փաթել միայն ըսաւ, որ Միացեալ Նահանգները կը շարունակէ կապի մէջ ըլլալ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ բարձրագոյն մակարդակներու վրայ` արժանապատիւ եւ տեւական խաղաղութեան հասնելու համար:
«Պատահական չէ, որ Միացեալ Նահանգները վերջին շաբաթներուն եւ անկէ ետք, կը կրկնէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ աւելի երկարաժամկէտ, անկախ, միջազգային դիտորդական առաքելութեան մը կազմութեան կոչը` վստահ ըլլալով, որ բնիկ հայերու իրաւունքները եւ ապահովութիւնը պաշտպանուած պիտի ըլլան», ըսաւ Փաթել:
Եւրոպական Միութիւնը իր կարգին յայտարարութեան մը միջոցաւ ողջունեց Հռոմի կանոնադրութեան վաւերացումը: Այս հաստատումը կատարուեցաւ Եւրոպական Միութեան արտաքին դիւանագիտական ծառայութեան ղեկավար Ժոզեփ Պորելի յայտարարութեան մէջ:
«Միջազգային քրէական դատարանը առաջին մնայուն միջազգային դատարանն է, որ ստեղծուած է միջազգային հանրութիւնը ընդհանուր առմամբ մտահոգող ամէնէն լուրջ յանցագործութիւնները հետաքննելու եւ հետապնդելու համար: Եւրոպական Միութիւնը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք տակաւին այդ քայլը չէր առած՝ միանալու Հռոմի կանոնադրութեան, որուն իւրաքանչիւր միացում աւելի կը մօտեցնէ միջազգային հանրութիւնը համընդհանուր մասնակցութեան եւ կ՛ամրապնդէ անպատժելիութեան վերջ տալու եւ հաշուետուութեան մշակոյթը զարգացնելու ընդհանուր վճռականութիւնը», կ՛ըսուի Եւրոպական Միութեան յայտարարութեան մէջ։
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն Տեր Լայեն եւս ողջունեց Հայաստանի որոշումը: Ան իր «Էքս»ի էջին վրայ գրած է, որ մենատէր Քրեմլինի համար աշխարհը աւելի կը փոքրանայ։