5 Հոկտեմբերին, «Վալտա» ակումբին մէջ, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Հայաստան չի դադրիր Ռուսիոյ դաշնակիցը ըլլալէ, եւ որ Մոսկուա պատրաստ է մարդասիրական հարցերու լուծման համար օգնութիւն ցուցաբերելու:
Փութին դիտել տուաւ, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներու կարգավիճակը փոփոխութիւններու ենթարկուած է՝ Արցախը Ատրպէյճանի մաս ճանչնալէ ետք:
Ան յայտարարեց, որ Հայաստանի կողմէ Արցախը Ատրպէյճանի կազմին մէջ ճանչնալու մասին տեղեկացաւ մամուլէն՝ ընդգծելով, որ Ռուսիա այդ մասին առանձին չէ յայտարարած:
«Փրակի մէջ անոնք (հայկական կողմը) ճանչցան, որ Ղարաբաղը կը պատկանի Ատրպէյճանին, իսկ յետոյ 2023ի սկիզբը նոյն բանը կրկնեցին երկրորդ անգամ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած այլ հանդիպման մը ընթացքին: Մեզի այդ մասին ոչ ոք բան ըսաւ, այլ մենք անձամբ այդ մասին իմացանք մամուլէն», ըսաւ Փութին:
Ան լուսարձակի տակ առաւ այն, որ երբ Արցախ յայտարարեց իր անկախութեան մասին, ոչ ոք ճանչցաւ այդ անկախութիւնը, նոյնիսկ Հայաստան, «ինչ որ, անկեղծ ըսած, տարօրինակ է ինծի համար»:
Փութին յայտնեց, թէ յոյս ունի, որ Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը Արցախի նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հարցին գծով կ՛առաջնորդուի մարդասիրական նկատառումներով:
Ան նշեց, որ իրենք միշտ ալ կապի մէջ եղած են Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի հետ, եւ վերջինս խոստացած է, անկախ ամէն ինչէ, ապահովել Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան ապահովութիւնը:
«Սակայն Լեռնային Ղարաբաղի մէջ արդէն հայ չէ մնացած: Բոլորը գացին, հայ չմնաց. առաւելագոյնը հազար կամ հազար հինգ հարիւր մարդ», յայտնեց Փութին: Ապա, անդրադառնալով Պաքուի կողմէ ձերբակալուած նախկին ղեկավարներուն՝ ան աւելցոց. «Չեմ ուզեր խորանալ մանրամասնութիւններու մէջ, սակայն, ինչպէս կը հասկնամ, զանոնք նոյնիսկ Երեւանի մէջ տեսնել չեն փափաքիր: Ես յոյս ունիմ, որ այս վիճակին մէջ, երբ տարածքային եւ իրաւական հարցերը լուծուին, Ատրպէյճանի ղեկավարութիւնը նկատի կ՛առնէ մարդասիրական բնոյթի հարցերը եւ կ՛առաջնորդուի մարդասիրութեամբ»: