
ԶՕՀՐԱՊ ԱԶՆԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով (մահացած՝ սրտի տագնապի պատճառով, Չորեքշաբթի, 4 Հոկտեմբեր 2023ին, Պէյրութ, Լիբանան), Արեւմտեան Ամերիկայի Հայոց թեմի առաջնորդ Թորգոմ եպս. Տօնոյեան, հոգեւորականաց դասը, Կրօնական ժողովը եւ Ազգային վարչութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ թեմիս Կրօնական ժողովի ատենապետ եւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։
Յիշատակն արդարոյն օրհնութեամբ եղիցի։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
ԶՕՀՐԱՊ ԱԶՆԻԿԵԱՆի մահուան տխուր առիթով (մահացած Լիբանան, Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2023ին), Մոնթեպելլոյի Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւը, Հոգաբարձութիւնը, ազգային երեսփոխանները, Տիկնանց միութիւնը եւ դպրաց դասը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի եղբօր՝ եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկիանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն: