Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումէն 2 տարի ետք, աշխարհը անտարբեր՝ կը հետեւի, թէ ինչպէ՛ս տեղի կ՛ունենայ հայոց այլ ցեղասպանութիւն մը եւ հայերու բռնի տեղահանութիւնը, կը գրէ «Ճենոսայտ Ուաչ»ը (Genocide Watch):
Ըստ Genocide Watch-ի յօդուածին` «Լեմքին» ցեղասպանութեան կանխարգիլման հիմնարկը, «Փրկել Ղարաբաղը» համախոհական խմբակցութիւնը, Միջազգային քրէական դատարանի նախկին դատախազ Լուիս Մորենօ Օքամփօ, ինչպէս նաեւ հայկական զանազան կազմակերպութիւններ 2022ին արդէն նախազգուշացուցած էին Արցախի մէջ տեղի ունեցող ցեղասպանութեան մասին:
Յօդուածին հեղինակները կը շեշտեն, թէ Արցախէն բռնի տեղահանութիւնը եւ ցեղասպանութիւնը «տասնամեակներ շարունակուող հակամարտութեան եզրակացութիւնն է»: Յօդուածին մէջ նաեւ ներկայացուած են 19 Սեպտեմբերին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ լայնածաւալ յարձակումին հետեւանքները, ինչպէս նաեւ քաղաքացի զոհերու եւ քաղաքային թիրախներ հարուածելու պարագաները:
«Ատրպէյճան դիտումնաւոր կերպով ռմբակոծեց քաղաքները: Այս մէկը պատերազմական ոճիր է», գրուած է Genocide Watch-ի հրապարակած յօդուածին մէջ: Կը շեշտուի, որ ատրպէյճանցիներու յարձակումին ընթացքին, միայն Սառնաղբիւրի մէջ զոհուեցան 5 քաղաքացիներ, ներառեալ երեք մանուկներ։ Նաեւ անհետացած են երկու այլ մանուկներ եւ վիրաւորուած են երկու ուրիշներ։
Նաեւ կը նշուի, թէ «բռնի տեղահանութիւնը մարդկութեան դէմ ոճիր է»:
Յօդուածին մէջ կ՛ըսուի, որ ատրպէյճանցիներու քարոզչութիւնը «կ՛ապամարդկայնացնէ հայերը», Ատրպէյճան ջնջած է Հայաստանի հնագոյն պատմութիւնը եւ համակարգուած կերպով կ՛ոչնչացնէ հայկական քրիստոնէական եկեղեցիները եւ սրբավայրերը:
Յօդուածին մէջ կ՛ւսուի, թէ հակառակ Ատրպէյճանի նախագահի յայտարարութեան, թէ հայերուն իրաւունքները Ատրպէյճանի մէջ կը պահպանուին, իրականութիւնը այն է, որ ատրպէյճանցի զինուորականները ընկերային ցանցերու վրայ կը տարածեն իրենց կողմէ հայերը սպաննելու վայրագ տեսանիւթերը, հետեւաբար հայերը չեն կրնար ապահով ըլլալ Ատրպէյճանի մէջ:
«Ատրպէյճանական ուժերը կը բանտարկեն տեղահանուողները եւ արդէն ձերբակալած են Արցախի նախկին ղեկավարները», կը նշուի յօդուածին մէջ:
Յօդուածագիրները նաեւ կը շեշտեն, որ Եւրոպա, ինչպէս 1915ի Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն չկրցաւ ժամանակին միջամտել` կասեցնելու համար Արցախի հայերուն ցեղասպանութիւնը:
«Հայաստանին պէտք է տրուին երաշխիքներ` Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպայի եւ Ռուսիոյ կողմէ, որպէսզի ապահով մնայ ատրպէյճանցիներու հետագայ բռնարարքներէն», կ՛եզրափակեն Genocide Watch-ի յօդուածագիրները: