ԱՅԴ ԿԸ ՓԱՍՏԵՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԵՒ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՄԷՉ ՎԵՐՉԻՆ ԻՐԱԴԱՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Վերջին քանի մը շաբաթներուն ու ամիսներուն, հայկական կեանքէն ներս արձանագրուած նորագոյն զարգացումները անգամ մը եւս հաստատեցին այն հանրայայտ իրականութիւնը, որ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ուժի հիմնական յենարաններէն մէկը նոյնինքն հայ ժողովուրդն է: Ժողովուրդը՝ իր բոլոր խաւերով:
Արդարեւ, Հայաստանի մէջ կայացած վերջին խորհրդարանական ընտրութիւնները ցոյց տուին, թէ զգալիօրէն աճ արձանագրած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան նկատմամբ ժողովրդային զօրակցութիւնը: Ընտրութիւններուն ի յայտ եկաւ նաեւ, թէ ինչքան հաստատակամ է այն ընտրազանգուածը, որ իր քուէն կը վստահի այս կուսակցութեան:
Լիբանանի մէջ, 2005ի խորհրդարանական ընդհանուր եւ անցնող շաբթուան ընթացքին մասնակի ընտրութիւնները ցոյց տուին, թէ լիբանանահայութեան քաղաքական կամքի հարազատ արտայայտիչը դարձեալ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնն է: Արդարեւ, մինչ ոչ հայ քաղաքական շրջանակներ կ’ուզէին Լիբանանի հայութիւնը ու անոր խորհրդարանական ներկայացուցիչները իրենց միայն լծակից-լծորդը նկատել, փաստօրէն լիբանանահայութենէն խլելով քաղաքական որոշումի անկախութիւնը, Լիբանանի մէջ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կառոյցը սակայն ուրիշ խօսք ըսաւ: Ան որոշեց, թէ այնքան ատեն, որ լիբանանահայութեան քաղաքական կամքը անտեսելու փորձ կը կատարուի, լիբանանահայութիւնը չի կրնար մասնակցիլ այս անարդարութիւնը նուիրականացնող ընտրութիւններու: Դաշնակցութիւնը, յենելով ժողովրդային զօրակցութեան վրայ, որոշեց չմասնակցիլ Պէյրութ քաղաքի ընտրութիւններուն: Եւ իսկապէս, այդ օր հայկական ընտրատարածքներէն ներս ընտրական տեղամասերը մնացին բառացիօրէն ամայի:
Հակառակ պատկերը ստեղծուեցաւ Մեթնի մէջ, ուր շրջանի հայութիւնը, անսալով Հ.Յ.Դ.ի կոչին, միահամուռ կերպով իր մասնակցութիւնը բերաւ 2005ի ընտրութիւններուն: Նոյնը պատահեցաւ նաեւ անցնող Կիրակի, դարձեալ նոյն շրջանէն ներս կայացած մասնակի ընտրութիւններուն:
Հոս, Ամերիկայի մէջ, հայութիւնը իր քաղաքական կամքը արտայայտելու գործընթացին մէջ նախանձախնդիր է իր անկախութեան եւ մանաւանդ՝ իր արժանապատուութեան պահպանման: Հայաստանի մէջ Մ. Նահանգներու նոր դեսպանի նշանակման հարցին մէջ ամերիկահայութիւնը, Հայ Դատի Յանձնախումբի ճամբով, իր խօսքը ըսաւ: Հրապարակային ձեռնարկներով թէ այլ նախաձեռնութիւններով, դրուատանքի արժանացաւ դեսպան Ճան Էւընզը, որովհետեւ հրապարակաւ եւ քաջաբար յայտարարած էր ճշմարտութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան կապակցութեամբ: Դեսպան Էւընզ վճարեց քաղաքական գին իր յանդգնութեան համար, սակայն չզիջեցաւ իր կեցուածքէն: Ամերիկահայութիւնը մէկ մարդու պէս կանգնեցաւ Էւընզի կողքին:
Յաջորդ արարը սկսաւ Սպիտակ տան կողմէ Ռիչըրտ Հոկլընտը Հայաստանի մէջ դեսպան առաջադրելու հարցով: Ըստ կանոնակարգի, դեսպանի մը առաջադրումը պէտք է վաւերացուի Ծերակոյտին կողմէ: Հոս էր, որ Հ.Յ.Դաշնակցութեան կեցուածքին բերումով ու Հայ Դատի Յանձնախումբի ճամբով ամերիկահայութիւնը անգամ մը եւս իր ընդվզումը արտայայտեց, երբ Ծերակոյտի համապատասխան յանձնաժողովի ունկնդրութեան ընթացքին ի յայտ եկաւ, որ Հոկլընտ ոչ միայն չի ճանչնար Հայկական Ցեղասպանութիւնը, այլեւ կ’ուրանայ զայն: Սակայն մեր քաղաքական ազդեցութեան շրջանակը, շնորհիւ բազմաթիւ բարեկամ ծերակուտականներու առկայութեան, հոս եւս խաղաց իր դրական դերը:
Արդարեւ ամերիկահայութեան արտայայտած ընդվզումի ալիքը այնքան ուժեղ եղաւ Հոկլընտի նշանակումին դէմ, որ Նիւ Ճըրզի նահանգը ներկայացնող երկու ծերակուտականներէն մին՝ Ռապըրթ Մենենտէզ, յստակօրէն տեսաւ այս համաժողովրդային կեցուածքը եւ ընդառաջելով ամերիկահայութեան քաղաքական կամքին, ընդունուած կարգին համաձայն կասեցուց Հոկլընտի նշանակման գործընթացը:
Սակայն շուտով սկսաւ երկրորդ արարը, երբ շրջանաւարտ Քոնկրէսին յաջորդեց նորը՝ անցնող Նոյեմբերին: Նիւ Ճըրզիի մէջ, Հայ Դատի Յանձնախումբը յաջողեցաւ ժողովրդային լայն խաւերը գործի լծել ու Մենենտէզ վերընտրուեցաւ: Սպիտակ տունը անգամ մը եւս առաջադրեց նոյն Հոկլընտը, այս անգամ նոր Ծերակոյտին: Սակայն կեցուածքներէն ոչինչ փոխուեցաւ: Շուտով հասաւ Մենենտէզի երկրորդ կասեցումը: Հոկլընտ պարտուած էր: Ամերիկահայութիւնը պարտութեան մատնած էր զայն: Եւ ահաւասիկ վերջերս Հոկլընտի անունը հանուեցաւ դեսպանութեան պաշտօնին թեկնածութենէն:
Դժուար թէ ծերակուտական մը կասեցումի անգիր օրէնքը եւ իրաւունքը օգտագործելով կասեցնէ դեսպանի մը նշանակումը, եւ այդ ալ Հայաստանի նման փոքրիկ երկրի մը պարագային: Սակայն կու գանք ընդգծելու նոյն ճշմարտութիւնը, երբ ժողովուրդը իր բոլոր խաւերով եւ միահամուռ կերպով կ’ընդառաջէ Հոկլընտը անընդունելի նկատելու կեցուածքին: Կեցուածք մը, որ կը բխի հայութեան համընդհանուր շահերէն, անոնց հետամուտ Հ.Յ.Դաշնակցութեան ու Ամերիկայի մէջ անոր քաղաքական աշխատանքի բեռը տանող Հայ Դատի Յանձնախումբի որոշումէն:
Այս կացութեան լոյսին տակ նաեւ աւելի կը յստականայ Հայ Դատի Յանձնախումբին կողմէ ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտէզը «Տարուան մարդը» հռչակելու ու իբրեւ այդպիսին զինք պատուելու որոշումը:
Հ.Յ.Դաշնակցութեան նկատմամբ հայ ժողովուրդին տածած վստահութիւնը տարբեր առիթներով տարբեր դրսեւորումներ կ’ունենայ. տեղ մը քուէարկութեամբ, ուրիշ տեղ մը՝ նիւթաբարոյական զօրակցութեամբ: Ու այս զօրակցութիւնը կը հանդիսանայ մեր ուժին հիմնական յենարաններէն մէկը: Հայաստան-Ամերիկա-Լիբանան եռանկիւնի նորագոյն զարգացումները կը փաստեն, թէ ինչքան ուժեղ է ժողովրդային այս վստահութիւնը: