Կարօ Փայլան կը գտնուի Հայաստան՝ Արցախէն բռնի տեղահանուածներուն զօրակցելու նպատակով։ 9 Հոկտեմբերին, Հանրային պատկերասփիւռի կայանէն Պետրոս Ղազարեանի հետ հարցազրոյցին ընթացքին ան յայտնեց, թէ Արցախի մէջ տեղի ունեցածին բեմագրութիւնը պատրաստուած է Սոչիի մէջ՝ Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցած հանդիպումին։
Ըստ Փայլանի՝ Փութին չի փափաքիր, որ Հարաւային Կովկասի մէջ ժողովրդավարական պետութիւն մը գոյութիւն ունենայ, որովհետեւ անիկա կրնայ օրինակ հանդիսանալ այլ պետութիւններու, իսկ այդ մէկը վտանգաւոր է ռուսական մենատիրական վարչակազմին համար։
Թուրքիոյ խորհրդարանի նախկին երեսփոխանը ընդգծեց, թէ Արցախը հայաթափելու բեմագրութեան վերջնական նպատակը ժողովրդավարական Հայաստանի ոչնչացումն է, եւ զայն Մոսկուայի հակակշիռին տակ գտնուող միութենական պետութեան կազմին մէջ ներառելը՝ իբրեւ երկրորդ Պելոռուս, հետեւաբար, եթէ ամբողջ աշխարհի հայերը իբրեւ մէկ ժողովուրդ այս հարցը լաւ ըմբռնեն՝ պէտք է համախմբուին Հայաստանը փրկելու գաղափարին շուրջ։
«Այժմ հարցը Փաշինեանը չէ, հարցը Հայաստանն է, ուրեմն պէտք է միանանք եւ այս վտանգը միասնաբար կանխենք», շեշտեց Փայլան։