
ՄՈՍԻԿ ՍՏԵՓԱՆԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 13 Նոյեմբեր 1954ին)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ եղբօր եւ հարազատին՝ Մոսիկ Ստեփանեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 28 Սեպտեմբեր 2023ին։
Հանգուցեալի յիշատակին հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի Կիրակի, 22 Հոկտեմբեր 2023ին, Փասատինայի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ, 58 S. Sierra Madre Blvd., Pasadena, CA 91107, յաւարտ Ս. Պատարագի։
Սգակիրներ՝
Եղբայրը՝ Շահան եւ Թամար Ստեփանեան եւ զաւակները՝ Ցոլեր, Նանօր եւ Լեւոն
Եւ համայն Կապուտեան, Գալայճեան, Մելքոնեան, Չորպաճեան, Կուրտիքեան եւ Թալաթինեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները